Շաբաթ, 13 յունուարին, Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնը Տըքուանէի մէջ գտնուող իր կեդրոնատեղիին մէջ գումարեց 2018 տարուան իր համագումարը, որուն ընթացքին վաւերացուց 2017-ի վարչական եւ ելեւմտական իր տեղեկագիրները:
Համագումարին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Նաժի Համմուտ, ինչպէս նաեւ ակումբներու ներկայացուցիչները:
Ժողովին նախագահեց Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոլան Սաատէ, մինչ անոր ներկայ էին նաեւ փոխնախագահ Եահիա Մաքքի, ընդհանուր քարտուղար Էլի Սաատէ, գանձապահ Ուասիմ Հաուլի, հաշուապահ Ֆիլիփ Պաժժանի, ինչպէս նաեւ անդամներ Էլի Տագէսեան, Մարիա Գէորգեան եւ Քաթիա Ռաշետ: Բացակայեցաւ Նուրէտտին Քոշ (երկրէն դուրս):
Ռոլան Սաատէ ժողովը օրինական նկատելէ ետք յայտարարեց, որ 2017-ին ֆետերասիոնին ձեռք ձգած յաջողութիւնները պիտի շարունակուին նաեւ 2018-ին, եւ լիբանանցի մարզիկները պիտի շարունակեն յաւելեալ մետալներ ձեռք ձգել: