Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի ծիրին մէջ, շաբաթ, 13 յունուարին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը, Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) մրցեցաւ Զուք Մոսպեհի դէմ:
Մրցումը աւարտեցաւ ի նպաստ Զուք Մոսպեհի, որ այսպիսով արձանագրեց իր 8-րդ յաջորդական յաղթանակը` 6-2 արդիւնքով:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի երկու կոլերը նշանակեց Մհեր Սիւրմենեան:
Այլ գետնի վրայ, ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը, որ մաս կը կազմէ Գ. դասակարգին, դուրս մնաց ֆութսալի բաժակի մրցաշարքէն, երբ 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ղըպէյրիի կազմէն, որ մաս կը կազմէ Ա. դասակարգին: