Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 14 յունուարին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը իր մրցումը կատարեց Սաֆայի դաշտին վրայ, ուր հիւրը եղաւ Պըրժի:
Մրցումը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով: Պըրժ իր հաւասարութեան կոլը նշանակեց շնորհիւ Ալի Ֆաքիհի` 53-րդ վայրկեանին:
ՀՄԸՄ 2-րդ վայրկեանին յաջողեցաւ նշանակել բաւական արագ կոլ մը` շնորհիւ Մամաս Քէհէեանի: Օրուան իրաւարարներն էին Հուսամ Մուքատտեմ, Ահմետ Համուտա եւ Հայտար Հայտար, իսկ չորրորդ իրաւարարը` Ահմետ Ալաէտտին:
Երէկ տեղի ունեցած այլ մրցումը մը ընթացքին պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Շապապ Սահել 3-1 արդիւնքով յաղթեց Շապապ Մաժտալ Այնճարին:
Սաժես 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Շապապ Ղազիէի հետ, մինչ Մապարրա 2-0 արդիւնքով յաղթեց Նասեր Պար Էլիասին:
Այսպիսով, ՀՄԸՄ-ի կազմը, որ ցարդ արձանագրած է 3 յաղթանակ, 4 հաւասարութիւն եւ կրած վեց պարտութիւն, ապահովելով տարեշրջանի իր 13-րդ կէտը մնաց 9-րդ դիրքին վրայ:



