Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՍԼԱՔՆԵՐ. ԳԻՒՏԱՐԱՐՆԵՐ…

March 22, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարդիկ երբեմն կ՛ունենան հետեւեալ մտածումը. «Երանի՜ թէ ապրած ըլլայի այսինչ դարուն…»:

Ես պիտի չուզէի ապրիլ որեւէ այլ ժամանակաշրջանի մէջ, որովհետեւ այսօրուան ժամանակը անգերազանցելիօրէն նախանձելի է. բախտաւորուած ենք գիւտարար… պետական անձնաւորութիւններով, որոնք օր աւուր հասարակ մահկանացուներս կը շշմեցնեն իրենց չնաշխարհիկ գիւտերով. այս մարդիկը ի յայտ կը բերեն գիւտարարի այնպիսի տաղանդ,  որ նախանձը պիտի շարժէր պատմութեան հին ու նոր շրջաններու «բազմատաղանդ» ղեկավարներուն, սկսելով Ներոնէն մինչեւ ֆրանսացիներու Մարի Անթուանեթը եւ ուրիշներ:

Իբրեւ փաստ` թուեմ վերջին օրերու գիւտերէն մէկ քանին.

Ա.- Մրցանակի արժանի գիւտ մը կատարեց Հիլըրի Քլինթըն, երբ յայտարարեց, թէ ամերիկեան լրատու աղբիւրները իրենց գործը լաւ չեն ըներ, պատճառ կ՛ըլլան, որ ամերիկացիք աշխարհի անցուդարձերուն իրազեկ դառնալու համար ապաւինին այլ աղբիւրներու: Նախարարուհին առաջարկեց պիւտճէական տնօրինում կատարել այս կացութիւնը դարմանելու համար: Hellllloooo… Բայց նոյն այս կառավարութիւնը չէ՞, որ պիւտճէական կրճատումներ կը կատարէ հոն, ուր պէտք չէ ընէ, միաժամանակ կը ճգնի բազմապատկելու զինական մարզի պիւտճէները:

Բ.- Նախագահ Օպամա ինչո՞վ ետ կը մնայ Քլինթընէն. անշուշտ մեր խօսքը գիւտարարութեան մասին է…: Քանի մը օր առաջ ան ալ գիւտ մը ըրաւ` յայտարարելով, որ Լիպիոյ նախագահը` Մուամմար Քազզաֆի պէտք է իշխանութիւնը զիջի, որովհետեւ անոր հաւատարիմ զինեալ ուժերը ռմբակոծած են ընդդիմադիրները եւ բազմաթիւ զոհերու պատճառ դարձած են: Ան մինչեւ իսկ քողարկուած սպառնալիք ուղղեց Քազզաֆիի,  թէ` ամերիկեան ուժերը կրնան միջամտութիւն մը կատարել, եթէ դէպքերը մնան նոյն ընթացքին մէջ: Բնականաբար Օպամայի այս գիւտը ունի մարդասիրակա՜ն շարժառիթ եւ կապ չունի Լիպիոյ քարիւղի հարստութեանց հետ: Չէ՞ որ Իրաքէն ներս միջամտութիւնն ալ մարդասիրական նպատակներով էր, ու իրաքցիք 2003-էն ի վեր կը վայելեն այնպիսի բարեփոխութիւններ, զորս անոնք չէին կրնար երեւակայել Սատտամ Հիւսէյնի օրերուն: Ամերիկեան բարեսիրութիւնը նմանապէս ոչ մէկ կապ ունի քարիւղին հետ: Ո՛վ որ հակառակը կը պնդէ, թող երկու աչքով կուրնայ…

Գ.- Մրցանակի արժանի այլ անձնաւորութիւն մըն է Աֆղանիստանի նախագահը` Համիտ Քարզայ: Անոր գի՞ւտը…: Մարդը այլեւս անհանդուրժելի կը նկատէ ՕԹԱՆ-ի ուժերուն կողմէ անմեղներու ջարդը` օդանաւային թէ այլ յարձակումներու ճամբով: Շուրջ երկու շաբաթ առաջ օդանաւային յարձակումի մը զոհ գացին ինը մանուկներ ու պատանիներ, որոնք ոչ մէկ կապ ունէին ռազմական գործողութիւններու հետ: Ամերիկեան ուժերու հրամանատարութիւնը նախ որդեգրեց խուսափողական ու անպարտի մօտեցում, բայց յետոյ զօր. Փաթրէաս խոստովանեցաւ եւ ներողութիւն խնդրեց: Գիւտարար Քարզայ անբաւարար նկատեց Փաթրէասի յայտարարութիւնը եւ, յանկարծ,  պաշտպանութեան նախարար Ռապըրթ Կէյց «փայլատակեց» Աֆղանիստանի երկնակամարին վրայ: Ան հաւանաբար գացած է քուլիսային բացատրութիւն տալու Քարզայի պէս մարդոց, որ ամերիկեան ուժերուն արտօնուած է այն, ինչ որ արգիլուած է քազաֆիներու…

Ի՛սկապէս. ո՞վ պիտի ուզէր ապրիլ ուրիշ ժամանակաշրջանի մը մէջ եւ զրկուիլ նման գիւտարար ղեկավարներէ…

Ս. Մ.

Նախորդը

ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱՄԵՆԱՍԻՐԵԼԻ ԲՌՆԱՏԷՐԵՐԸ. ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՅՈՒՍԱԽԱԲ ԸՐԱԾ Է ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԸ

Յաջորդը

ՍԿՈՎՏԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԼԻԿԱՅԻ ԲԱԺԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՌԷՅՆՃԸՐԶ ԻՐ ՄՕՏ ՊԱՀԵՑ ՏԻՏՂՈՍԸ

RelatedPosts

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը

December 19, 2023
Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն

December 15, 2023
Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր

November 28, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.