Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Պիպլոսը:
Հակառակ անոր որ մրցումը ուղղակիօրէն պիտի պատկերասփռուէր, բայց եւ այնպէս ՀՄԸՄ-ի մեծաթիւ համակիրներ ներկայ եղան անոր` քաջալերելու համար իրենց կազմը:

ՀՄԸՄ 2017 տարին աւարտեց այլ տպաւորիչ յաղթանակով մը, երբ 91-68 արդիւնքով (26-12, 18-25, 27-12 եւ 20-19) պարտութեան մատնեց իր հիւրը, որ այսպիսով կրեց տարեշրջանի իր 10-րդ պարտութիւնը` 2 յաղթանակներու կողքին, մինչ ՀՄԸՄ, որ ցարդ միայն կրած է պարտութիւն մը, արձանագրեց իր 11-րդ յաղթանակը:
Երէկուան այս մրցումին ՀՄԸՄ առիթով մը նոյնիսկ ունեցաւ 28 կէտի առաւելութիւն մը (90-62):
ՀՄԸՄ-ի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Սեմ Եանկ (30 կէտ եւ 3 թրի փոյնթ)` դաշտ ներկայանալով միայն 28 վայրկեան եւ 38 երկվայրկեան:
Տապըլ-տապըլ իրագործեցին Մաքրամ Պըն Ռամատան (20 կէտ, 15 ռիպաունտ) եւ Ուոլթըր Հոճ (14 կէտ, 11 էսիսթ): Հայկ Կէօքճեան, որ դաշտ ներկայացաւ 18′ 24″, նշանակեց 14 կէտ:
ՀՄԸՄ-ի մարզիչ Ճօ Մուժահես դաշտ ներկայացուց անխտիր իր բոլոր մարզիկները, որոնց կարգին` Փաուլօ Պետիկեան (5′ 57″), Վարանդ Գըլըճեան (1′ 57″), Մարք Ապի Խըրըս (4′ 15″) եւ ուրիշներ:
Երէկուան երկրորդ մրցումին, Լուէյզի կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց Շիահի դաշտին վրայ, երբ 81-74 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պէյրութը:
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Լուէյզիէն Պրենտըն Մոտլի (27), մինչ Պէյրութէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Պասել Պաուժի (21 կէտ, 16 ռիպաունտ):
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
ԺԱՄ | ԴԱՇՏ | |
Շանվիլ – Թատամոն | 16:00 | Շանվիլ |
Մութթահետ – Անթունիէ | 16:00 | Սաֆատի |
Սաժես – Ռիատի | 16:00 | Ղազիր |