Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի 2017 տարուան ամփոփիչ նիստին ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ նոր ֆետերասիոնի նախագահի ընտրութիւնը:
Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հրաչեայ Ռոստոմեան միաձայնութեամբ վերընտրուեցաւ նախագահ, յայտնեց ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Անգամ մը եւս, ֆետերասիոնը պիտի ունենայ չորս փոխնախագահներ, որոնք հետեւեալներն են` Արա Պօղոսեան, Վահագն Յարութիւնեան, Ճեք Գալայճեան եւ Սուրէն Զոհրապեան:
Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակութիւն հաստատած Ճեք Գալայճեան մեծ աշխատանք կը տանի Հայաստանի մէջ մանկապատանեկան պասքեթպոլը զարգացնելու համար:
Իր վերընտրութենէն ետք խօսք առնելով` Ռոստոմեան ըսաւ, որ 2018 թուականը պիտի ըլլայ նոր մարտահրաւէրներու տարի մը:
Ան առիթէն օգտուելով շնորհաւորեց պասքեթպոլի մարզաձեւին բոլոր հետեւողներուն եւ պատասխանատուներուն Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը: