Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 31 դեկտեմբերին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը կը մրցի Ռաուտայի դէմ:
Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ Անսարի դաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ-ի կազմէն կ՛ակնկալուի 2017 տարին աւարտել տպաւորիչ ելոյթով մը` փորձելով արձանագրել տարեշրջանի երկրորդ յաղթանակը: