Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 30 դեկտեմբերին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը կը մրցի «Էյ. Եու. Էս. Թի.»-ի դէմ:
Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի անուան մարզադաշտին վրայ (Մար Ռուքոզ), պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 21:00-ին:
Ինչ կը վերաբերի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումներուն, դարձեալ այսօր ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը կը մրցի Էտտէ Պաթրունի դէմ: Մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 17:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Ժամահաթ Մանարի դաշտին վրայ (Թրիփոլի):
ՀՄԸՄ-ի զոյգ խումբերէն ալ կ՛ակնկալուի ամէն գնով յաղթանակներ արձանագրել: