Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կաղանդի Լուրեր

Դեկտեմբեր 30, 2017
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

– Եթէ Կաղանդ պապան ճամբորդէ լոյսի արագութեամբ, ան կրնայ երկրագունդին շուրջ դառնալ եօթը անգամ մէկ երկվայրկեանի ընթացքին:

– Քանատայի մէջ խումբ մը մարդիկ կրցան 2069 ձիւնեմարդ շինել մէկ ժամուան ընթացքին:

– Նորվեկիոյ մէջ խումբ մը փռապաններ պատրաստեցին 651 քիլօ կշռող ճինճըրպրետ «մարդուկ» մը:

– Գերմանիոյ կարգ մը շրջաններու մէջ Կաղանդ պապան նուէրները կը ձգէ մանուկներու կօշիկներուն մէջ:

– Պոլիվիոյ մէջ կարգ մը անձեր Ծնունդին գիշերը իրենց հետ աքլոր մը կը բերեն եկեղեցի:

– Հաուայի մէջ Կաղանդ պապան յատուկ մակոյկով մը կու գայ:

– Միացեալ Նահանգներու Թեքսաս նահանգի Կարլանտ քաղաքին քաղաքապետը իբրեւ Կաղանդի նուէր ստացաւ 238 քիլօ կշռող պանիրի կտոր մը: Վեց անձեր զայն շալկելով բերին մինչեւ անոր տան դուռը:

– Ուքրանիոյ մէջ մարդիկ Ս. Ծնունդի սեղանին վրայ յարդ կը սփռեն:

– Մեքսիքայի մէջ կարգ մը անձեր մսուրը կը շտկեն բողկերով քանդակուած պզտիկ մարդուկներով:

– Շուէտի Կաւլը քաղաքին մէջ ամէն տարի, Կաղանդի շրջանին, յարդէ հսկայական այծ մը կը դրուի հրապարակին վրայ: Կաղանդի յատուկ այս այծը ունի նոյնիսկ իր անձնական էջը ընկերային ցանցերուն վրայ:

– Ս. Ծնունդի գիշերը ճափոնցիները շատ կը սիրեն տապկուած հաւ ուտել:

– Իսկ Հարաւային Ափրիկէի կարգ մը շրջաններու մէջ մարդիկ կը սիրեն տապկուած որդ ուտել Ս. Ծնունդին օրը:

– Ս. Ծնունդին գիշերը կարգ մը ընտանիքներ իրենց աւելները կը պահեն, որպէսզի չար վհուկը զայն չգողնայ գիշերը:

– Պրազիլի մէջ սովորութիւն է Կաղանդի ծառը զարդարել իջնող ձիւնի փաթիլները յիշեցնող բամպակի փոքրիկ գունդերով:

– Սկանտինաւեան երկիրներուն մէջ հոն ժամանակներուն մարդիկ կը հաւատային, թէ այծ մըն էր, որ նուէրները կը բերէր Կաղանդին:

– Կուաթեմալայի մէջ սովորութիւն է, որ միայն մանուկները իրենց նուէրները բանան 25 դեկտեմբերին, արեւմտեան Ս. Ծնունդին, իսկ ծնողները եւ չափահասները ստիպուած են սպասելու Նոր տարիի օրուան:

– Գիտէի՞ր, թէ «Ճինկըլ պել» երգը սկզբունքով իբրեւ Կաղանդի երգ չէր յօրինուած: Անիկա սկիզբը կը կոչուէր «Ուան հորս օփըն սլէյ»:

– Փերուի մէջ սովորութիւն է Ս. Ծնունդի օրը նախաճաշին տաք տուրմ խմել:

– Գիտէի՞ր, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ գոյութիւն ունի քենտի քէյնի (Կաղանդի շաքարէ ցպիկ) միջազգային օր: Անիկա կը տօնուի 26 դեկտեմբերին:

 

Խոհագիր

Կաղանդի Գիշերուան Համար

Դուն ալ կրնաս օգնել մայրիկին եւ հայրիկին` Կաղանդի գիշերուան սեղանը ճոխացնելու համար: Ահա՛ երկու խոհագիրներ, մէկը աղի, միւսը` անուշ, յատուկ` այս առիթին համար:

Ա.- Ռուտոլֆ եղջերուին ռիզոթթոն

Պէտք ունիս` 1 ճերմակ սոխի, 60 կրամ ռիզոթթոյի յատուկ բրինձի (այս չափը երկու մանուկներու համար է), եփուած հոթ տոկի, ձէթի, քրեմ ֆրեշի, փարմըզան պանիրի, պզտիկ կեռաս-լոլիկի:

Պատրաստութիւն

1.- Շատ փոքրիկ կտրէ սոխը:
2.- Սոխը եւ բրինձը քիչ մը ձէթի մէջ տապկէ, մինչեւ որ անոնք թափանցիկ դառնան:
3.- Կամաց-կամաց ջուրը աւելցուր` միշտ խառնելով (ջուրին քանակին համար ստուգէ բրինձի տոպրակին վրայ):
4.- Ձգէ, որ բրինձը եփի 20 վայրկեան:
5.- Բրինձին վրայ աւելցուր ապուրի դգալ մը քրեմ ֆրեշ եւ փարմըզան պանիր:
6.- Բրինձէն բաժին մը պզտիկ խորունկ ամանի մը մէջ դիր:
7.- Հոթ տոկերը երկայնքին երկուքի կտրէ մինչեւ մէջտեղը: Անոնք եղջերուին եղջիւրները պիտի ըլլան:
8.- Պզտիկ կեռաս-լոլիկ մը մէջտեղէն կտրէ եւ անոր կէսը գործածէ եղջերուին քիթին համար եւ կանաչ ոլոռնի երկու հատիկներ գործածէ աչքերուն համար:
9.- Ռուտոլֆ եղջերուն պատրաստէ: Բարի՛ ախորժակ:

* * *

Բ.- Փաթ Ֆէօյըթէով եւ անուշով Կաղանդի ծառեր

Պէտք ունիս` պատրաստ փաթ ֆէյըթէի (փաթ փէյոթթի) խմոր, մեծ հատիկներով եւ ճերմակ շաքարի կամ պարզ շաքարի, անուշի (նարինջի, կեռասի, ելակի, ծիրանի…):

Պատրաստութիւն

1.- Խմորը բաց եւ զայն վերածէ մօտաւորապէս 1 սմ լայնքով երիզներու:

2.- Անուշը քսէ ամբողջ խմորին վրայ:

3.- Իւրաքանչիւր երիզ առանձին հանէ եւ անոր մէկ կողմը ծալէ դէպի ներս, ապա միւս կողմը բռնելով, վրայ վրայի ծալէ` միշտ աւելի լայն ծալքեր ընելով, ինչպէս նշուած է նկարին մէջ, անոր Կաղանդի ծառի մը ձեւը տալու համար:

4.- Ծալուած ամբողջ խմորին մէջէն անցուր փոքրիկ տախտակէ ցպիկ մը, Կաղանդի ծառերը պառկած շարէ փուռի ափսէի մը վրայ, որ փուռի յատուկ թուղթով ծածկած պիտի ըլլաս:

5.- Կաղանդի ծառերը 180 աստիճան տաքութեամբ փուռին մէջ եփէ մօտաւորապէս 25 վայրկեան: Պէտք է, որ Կաղանդի ծառերը կարմրին:

6.- Զանոնք փուռէն հանէ, եւ իւրաքանչիւրին վրայ դիր քանի մը հատ շաքարի մեծ հատիկ:

Հիմա պատրաստուէ զանոնք համտեսելու ընտանիքիդ բոլոր անդամներու հետ` համով տաք տուրմի մը հետ, Կաղանդի գիշերուան յատուկ երգեր երգելով:

 

Ձեռային Աշխատանք

Կաղանդի Սեղանը Զարդարենք

1.- Կաղանդի փոքրիկ ծառեր

Պէտք ունիս` փայտէ լաթակալներու, կանաչի երեք տարբեր երանգներով խաւաքարտի կտորներու եւ խէժի:

Կանաչ խաւաքարտի իւրաքանչիւր երանգի կտորին վրայ գծէ եռանկիւնաձեւ Կաղանդի ծառին մէկ մասը (տե՛ս պատկերը): Այդ երեք բաժինները փակցուր լաթակալին վրայ` իրարմէ քիչ մը հեռու: Նոյն ձեւով փակցուր երեք ուրիշ կտորներ` լաթակալին ետեւի կողմին վրայ: Ծառերդ կրնաս պառկած դնել իւրաքանչիւրին պնակին վրայ, կամ «տնկել» ամբողջ սեղանին վրայ:

2.- Օրօրուող Կաղանդ պապաները

Այս աշխատանքին համար պէտք ունիս յատկապէս խաւաքարտէ պնակներու:

Նախեւառաջ պնակին տակի բաժինը կարմիր ներկէ: Ձգէ, որ ջրաներկը չորնայ:

Կլորակը մէջտեղէն երկուքի ծալէ եւ ապա կտրէ: Մէկ կտորը կոնի ձեւով ոլորէ եւ իրարու վրայ եկող բաժինները խէժով փակցուր: Իրարու լաւ սեղմուած բռնէ, որպէսզի անոնք լաւ փակչին: Կրնաս նաեւ կցիչ գործիքով մը կցել այդ բաժինները:

Մորթի գոյնէ խաւաքարտի մը վրայ գծէ եւ կտրէ կլորակ մը` Կաղանդ պապային գլուխին համար: Կտրէ նաեւ ճերմակ քառանկիւն մը, որուն լայնքը պէտք է գլխուն լայնքին չափ ըլլայ:

Քառանկիւնին վարի բաժինը ամպի նման կտրէ Կաղանդ պապային մօրուքը ընելու համար:

Մորթի գոյնով կլորակը փակցուր կարմիր կոնին վրայ:

Սեւ խաւաքարտի մը վրայ կտրէ երկար ու բարակ երիզ մը` Կաղանդ պապային գօտիին համար: Զայն փակցուր Կաղանդ պապային մարմնին վրայ, ապա փակցուր մօրուքը կլորակ դէմքին վրայ:

Պզտիկ, կարճ, ճերմակ խաւաքարտէ երիզ մը կտրէ եւ զայն փակցուր Կաղանդ պապային գլխուն վրայ` անոր գլխարկին ծայրը ունենալու համար:

Կրնաս Կաղանդ պապային աչքերը եւ քիթը գունաւոր մատիտներով գծել, կամ պատրաստ աչքեր եւ կլորակ բուրդէ քթիկ փակցնել:

Մի՛ մոռնար պզտիկ, ճերմակ խաւաքարտէ կլորակ մը կտրելու` Կաղանդ պապային գլխարկին ծայրին փակցնելու համար:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու մարդուկները:

 

Կրնա՞ս գտնել նուէրին հասցնող ճամբան:

 

Կէտերը իրարու միացուր 1 – 85` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:

 

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (30 Դեկտեմբեր 1967)

Յաջորդը

Հրապարակի Վրայ Է Գէորգ Հաճեանի «Յարատեւ Կռիւ» Խորագիրով Տեսահոլովակը

RelatedPosts

Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է
Մանկապատանեկան

Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է

Մայիս 3, 2025
Ձեռային Աշխատանք.  Զատկուան Պատրաստութիւններ
Մանկապատանեկան

Ձեռային Աշխատանք. Զատկուան Պատրաստութիւններ

Ապրիլ 12, 2025
Համացանցը Միշտ Իրականութիւնը Կ՛ըսէ՞
Մանկապատանեկան

Համացանցը Միշտ Իրականութիւնը Կ՛ըսէ՞

Ապրիլ 5, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?