Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը հաստատած է ՏԱՀԵՇ-ի անդամի մը Հայաստան մուտք գործելու փորձին մասին շրջան ընող տեղեկութիւնը` հաստատելով, որ այդ անձը Հայաստանի քաղաքացի չէ:
Ըստ «Փան Արմինիըն»-ի, նշուած է, որ միայն 2017-ին` հակաահաբեկչական քայլերու ծիրին մէջ արգիլուած է միջազգային ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ առնչութիւն ունենալու կասկած յարուցող, այլ պետութեան 960 քաղաքացիներու մուտքը Հայաստանի Հանրապետութիւն, իսկ 95 օտարներ սահմանային վերահսկողութեան տակ են` յատուկ հետախուզման իրավիճակով: