Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 23 դեկտեմբերին, Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) տեղի ունեցաւ Հումին Ֆաուքա – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մրցումը:
Հակառակ անոր որ ՀՄԸՄ-ի կազմը Ա. կիսախաղին 1-0 արդիւնքով կը յառաջանար, սակայն մրցակից կազմը եղաւ մրցումին յաղթականը` արձանագրելով 6-3 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Կրելով տարեշրջանի իր երկրորդ պարտութիւնը (երեք յաղթանակներու կողքին)` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ նահանջեց 4-րդ դիրք, վեց կէտով ետ մնալով առաջին դիրքին վրայ գտնուող Զուք Մոսպեհէն, որ արձանագրած է հինգ յաղթանակ:
Ինչ կը վերաբերի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը, որ վերոնշեալ մարզադաշտին վրայ մրցեցաւ Անտքեթ խումբին դէմ, կրեց 6-1 արդիւնքով պարտութիւն մը: