Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցող, Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, շաբաթ, 23 դեկտեմբերին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը Անսարի դաշտին վրայ մրցեցաւ Շիահի դէմ:
Հակառակ անոր որ ՀՄԸՄ-ի կազմը Ա. կիսախաղը աւարտեց ի նպաստ իրեն` 2-0 արդիւնքով, սակայն այս մրցումը աւարտեցաւ 2-2 հաւասարութեամբ: