Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի գործող ախոյեան Ահտ իր կազմին միացուց Քասեմ Հաժը, որ Լիբանան պիտի գայ իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Շուէտի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան:
1998-ին ծնած Քասեմ Հաժ, որ բաւական լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգեց Շուէտի մէջ, Ահտին միանալով պիտի զօրացնէ անոր շարքերը` դարձի մրցումներուն անոր հետ փորձելով տպաւորիչ ելոյթներ ունենալ: