Լոնտոնեան Չելսի ֆութպոլի ակումբը կը շարունակէ պելճիքացի բերդապահ Տիպօ Քուրթուայի հետ նոր պայմանագրութիւն մը կնքելու գծով իր աշխատանքները:
Անգլիական ակումբը պատրաստ է 25 տարեկան բերդապահը դարձնելու աշխարհի ամէնէն շատ վարձատրուող բերդապահը` անոր առաջարկելով շաբաթական 200 հազար փաունտ սթերլինկ աշխատավարձ:
Նախորդ մայիսին Քուրթուա մերժած էր իր ակումբին կողմէ իրեն ներկայացուած առաջարկը: Սակայն Չելսի կը կարծէ, որ այս անգամ այդ առաջարկը այնքան լաւ է, որ ան պիտի չմերժէ այդ մէկը:
Վերջերս շրջանառութեան դրուեցան լուրեր, որ Քուրթուա պիտի վերադառնայ Սպանիա եւ միանայ իր նախկին ակումբին` Աթլեթիքօ Մատրիտի: