Լիբանանի սուսերամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Լիբանանի եւ արաբական աշխարհի սուսերամարտի ախոյեան Ռիթա Ապու Ժաուտէ արաբական գետնի վրայ կարեւոր նուաճում մը իրագործեց, երբ Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունեցած իրաւարարներու յատուկ դասընթացքին եւ քննութիւններուն իր մասնակցութիւնը բերելով եւ յաջող արդիւնքներ ձեռք ձգելով ստացաւ ասիական իրաւարարի վկայագիր:
Այս քննութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը բերին ասիական 15 երկիրներէ 41 մասնակցողներ:
Լիբանանի սուսերամարտի ֆետերասիոնը շնորհաւորեց անոր կատարած այս կարեւոր իրագործումը` անոր մաղթելով յաջողութիւն այս նոր ասպարէզին մէջ: