Ամանորի առիթով ընդունուած է նուէրներ տալ ոչ միայն ընտանիքի անդամներուն եւ հարազատներուն, այլ նաեւ մանուկներուն:
Շիրակ մարզական ակումբը արդէն քանի մը տարիէ ի վեր հանդէս կու գայ բարեգործական նախաձեռնութեամբ:
Հայկական լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ Գիւմրիի մէջ գտնուող Վարդան Աճեմեանի անուան պետական թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ նախաձեռնութիւն մը, որուն ընթացքին Շիրակ նուէրներ բաժնեց մօտաւորապէս քսան հազար մանուկներու` զանոնք ուրախացնելով Ամանորի առիթով:



