Ռուսիան պիտի շարունակէ միջնորդական օժանդակութիւն ցուցաբերել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման համար: Այդ մասին «Մոսկուա-Պաքու»-ին յայտնած են Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ մամուլի բաժանմունքէն` մեկնաբանելով 2017-ին այդ ուղղութեամբ տարուած աշխատանքներու արդիւնքը:
Արտաքին գործոց նախարարութենէն նշած են, որ անցնող տարի միջնորդները, ներառեալ` Ռուսիան, աշխատած են զինուորական վտանգները նուազեցնելու, դէմ առ դէմ երկխօսութեան վերականգնման ուղղութեամբ:
Նախարարութենէն նշած են, որ այդ աշխատանքի շօշափելի արդիւնքը դարձած է հոկտեմբերին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումը:
«Կոչ կ՛ուղղենք կողմերուն միջնորդներու առաջարկներու հիման վրայ փոխզիջումային լուծումներ փնտռելու», նշած են նախարարութենէն: