Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ` հինգշաբթի, 21 դեկտեմբերի յետմիջօրէին, Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնին մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ֆետերասիոնի նախագահ Միշել Ապի Ռամիայի եւ այլ անդամներու:
Ապի Ռամիա շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղեց նախագահին` այս սիրալիր ընդունելութեան համար, հակառակ իր գերխճողուած ըլլալուն:
Ան ֆետերասիոնին կատարած աշխատանքներուն մասին հակիրճ տեղեկութիւններ ներկայացնելէ ետք հանրապետութեան նախագահին աւելցուց, որ ֆետերասիոնը պիտի շարունակէ գործակցիլ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ, որպէսզի անիկա պատկերասփռէ Լիբանանի վոլիպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումները այնպէս, ինչպէս կը կատարէր տարիներէ ի վեր, որպէսզի իւրաքանչիւր տան մէջ այս մարզաձեւը գտնէ յաւելեալ ժողովրդականութիւն:
Իր կարգին, նախագահ զօր. Միշել Աուն յաջողութիւն մաղթեց ֆետերասիոնին, նոր տարեշրջանի ախոյեանութեան սկզբնաւորութեան առիթով:
Հանդիպումին աւարտին, Ապի Ռամիա ֆետերասիոնին անունով յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց երկրին նախագահին: