ՖԻՖԱ-ի հրապարակած 2017 տարուան վերջնական դասաւորման մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, մնալով նախորդ ամիս իր գրաւած դիրքին վրայ, տարին աւարտեց 90-րդ դիրքին վրայ` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 383 վարկանշային կէտ:
Աշխարհի գործող ախոյեան Գերմանիա մնաց պարագլուխի դիրքին վրայ, որուն յաջորդեց Պրազիլ, ապա` Եւրոպայի գործող ախոյեան Փորթուգալ:
Արթուր Պետրոսեանի գլխաւորած խումբը նախորդ բարեկամական երկու մրցումներուն Երեւանի մէջ (նոյեմբերին) յաղթեց Պիելոռուսիոյ (4-1) եւ Կիպրոսին (3-2):