«Ֆիչ Ռէյթինկզ» միջազգային վարկանշային գործակալութիւնը վերատեսութեան ենթարկած է Հայաստանի վարկանիշը եւ զայն «կայուն»-էն բարձրացուցած է «դրական»-ի: Միաժամանակ «Ֆիչ Ռէյթինկզ»-ը հաստատած է Հայաստանի վարկանիշը «Պի+» մակարդակի վրայ:
2014-2015 թուականներու տնտեսական ցնցումէն ետք Հայաստանի տնտեսութիւնը մտած է վերականգնումի փուլ, որ պայմանաւորուած է արտածման կառուցուածքին մէջ ցուցանիշներու բարելաւումով, դրամական փոխանցումներու ծաւալներու վերականգնումով եւ յուսալի դրամավարկային քաղաքականութեամբ: