Ռուսիոյ Համայնավար կուսակցութեան ղեկավար Կենատի Ժիւկանովի կարծիքով` առանց Ռուսիոյ վարած աշխուժ քաղաքականութեան, Անդրկովկասի մէջ ոչ մէկ հարց, ներառեալ ղարաբաղեան հիմնահարցը, կրնայ լուծուիլ: Այս մասին ան ըսած է «Մոսքվա-Պաքու» կայքին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին:
«Ռուսիան ղարաբաղեան տագնապին ուղղութեամբ պէտք է աւելի արդիւնաւէտ աշխատի, փնտռէ խաղաղ եւ խելամիտ լուծումներ: Վստահ եմ` անոնք կան», ըսած է ան:
Ռուս քաղաքական գործիչին համաձայն, տագնապին լուծումով հետաքրքրուած են բոլոր կողմերը: Ռուսիոյ Համայնավար կուսակցութեան ղեկավարը նաեւ ընդգծած է, որ Ռուսիան կրնայ աւելի արդիւնաւէտ քաղաքականութիւն վարել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նկատմամբ:
23 դեկտեմբերին տեղի ունենալիք Ռուսիոյ Համայնավար կուսակցութեան ընդհանուր ժողովին ընթացքին պիտի յստականայ, թէ Կենատի Ժիւկանով իր թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէ՞ Ռուսիոյ նախագահի պաշտօնին, թէ՞ ոչ: