Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փիցցան` Մարդկային Մշակութային Ոչ Շօշափելի Ժառանգութեան Ցանկին Մէջ

December 16, 2017
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Վերջապէս ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն արժեւորեց մեծ ժողովրդականութիւն վայելող փիցցան: Կազմակերպութիւնը փիցցան արձանագրեց մարդկային մշակութային ոչ շօշափելի ժառանգութեան ցանկին մէջ:

Մեզի համար փիցցան փուռին մէջ եփած կլորակ խմոր մըն է, վրան` քիչ մը լոլիկ, քիչ մը պանիր եւ կարգ մը ուրիշ նիւթեր դրուած: Սակայն անոր իսկական պատրաստութիւնը իւրայատուկ արուեստ մըն է, որ կը ժառանգուի սերունդէ սերունդ: Ան ծնած է Իտալիոյ Քամփանի շրջանի մայրաքաղաք Նափոլիի մէջ, ուր այժմ կ՛ապրին եւ կ՛աշխատին մօտաւորապէս 3000 փիցցայի վարպետներ` փիցցայոլաներ: Այս նափոլիթան փիցցայոլային աշխատանքը կազմուած է չորս փուլերէ. նախ եւ առաջ` խմորին պատրաստութիւնը, ապա` զայն շաղելը, խմորը «բանալը»` զայն օդին մէջ նետելով եւ, վերջապէս, փուռին մէջ եփելը:

Կան նաեւ փիցցայոլայի երեք կարգեր` վարպետ փիցցայոլան, փիցցայոլան եւ փուռին պատասխանատուն: Այս արուեստը կենդանի պահելու համար ամէն տարի Նափոլիի մէջ Նափոլիթան փիցցայոլաներու ընկերակցութիւնը կը կազմակերպէ դասընթացքներ` փիցցայի պատմութեան, գործիքներու եւ պատրաստութեան թեքնիքներուն մասին: Այս թեքնիքները կը դասաւանդուին նաեւ Նափոլիի յատուկ դպրոցներուն մէջ. բայց աշակերտ փիցցայոլաները կրնան այս գիտելիքները սորվիլ Նափոլիթան ընտանիքներուն մէջ ալ:

Սակայն իսկական «գաղտնիքները» եւ աշխատելու կերպը կը փոխանցուին յատկապէս «պոթեկային» մէջ, ուր աշկերտ փիցցայոլաները կ՛ուսումնասիրեն վարպետը իր աշխատավայրին մէջ, եւ կը սորվին արուեստին բոլոր փուլերն ու գլխաւոր հնարքները:

Ձեռային Աշխատանք

Կաղանդի Պատրաստութիւններ

Վստահաբար դուն արդէն Կաղանդի ծառը յարդարած ես, կամ սկսած ես տունը զարդարել: Ահա` երկու տարբեր ձեռայիններ ալ, զորս կրնաս օգտագործել:

Ա) Կաղանդ Պապային գլխարկը

Այս ձեռայինը կրնաս գործածել ո՛չ միայն իբրեւ զարդ, այլ իբրեւ քարտ` բարեմաղթութիւններդ յղելու համար ընկերներուդ եւ ընտանիքիդ: Պատրաստութիւնը շատ դիւրին է: Կարմիր խաւաքարտի մը վրայ գծէ եւ կտրէ Կաղանդ պապային գլխարկը, ապա զայն փակցուր երկուքի ծալուած ճերմակ խաւաքարտի մը վրայ. բամպակէ գունդ մը փակցուր գլխարկին սուր բաժինին վրայ եւ պարզ բամպակ` գլխարկին եզերքին վրայ:

Բ) Խաւաքարտէ ծառի գունդեր

Այս գունդերուն համար կրնաս գործածել տարբեր գոյնի կամ նոյնիսկ փայլուն, բարակ խաւաքարտեր:

Խաւաքարտի պզտիկ կտոր մը երկուքի ծալէ եւ գոց բաժինին վրայ գծէ քանի մը պարզ ձեւեր, ինչպէս նշուած է պատկերներուն մէջ: Զանոնք կտրէ: Երբ կտրուած գծագրութիւնը բանաս, պիտի ստանաս զարդարուած գունդի մը պատկերը:

Խոհագիր

Կաղանդի Փիցցան

Այս տարի դուն ալ կրնաս մասնակցիլ Կաղանդի ուտելիքներու պատրաստութեան` պատրաստելով Կաղանդի յատուկ ձեւերով եւ գոյներով փիցցաներ:

– Փիցցայի խմորը կրնաս գնել պատրաստ կամ տունը պատրաստել: Ասոր համար պէտք պիտի ունենաս 300 կրամ ալիւրի, 3 ապուրի դգալ ձէթի, 1 ապուրի դգալ շաքարի, 1 թէյի դգալ թթխմորի: Թացանին համար` լոլիկի մածուկ, մոցցարելլա պանիր, օրեկանօ:

– Խմորին պատրաստութիւնը

– Խորունկ ամանի մը մէջ դիր ալիւրը եւ վրան աւելցուր ձէթն ու շաքարը: Թթխմորը հալեցուր պզտիկ գաւաթ մը գաղջ ջուրի մէջ եւ աւելցուր միւս խառնուրդին վրայ:

– Խմորը ձեռքովդ շաղէ, մինչեւ որ գունդ մը ստանաս:

– Գլանով մը բաց խմորը:

– Փիցցայի յատուկ թացանը դիր խմորին վրայ, ապա աւելցուր քու նախասիրած նիւթերդ` խոզապուխտ, չորիզօ, ձիթապտուղ, կանաչ պղպեղ, պազիլիքի տերեւ, պանիրի տեսակ… վերջաւորութեան պտղունց մը օրեկանօ սրսկէ:

– Փիցցան փուռին մէջ եփէ 20-30 վայրկեան` 210 աստիճան տաքութեամբ:

Կաղանդի փիցցաներ

ա.- Ձիւնեմարդի ձեւով փիցցա: Մարմինին համար պէտք ունիս մեծ ու միջակ խմորէ կլորակներու, իսկ գլխուն համար` պզտիկ խմորէ կլորակի մը: Խմորին վրայ քսէ քրեմ ֆրեշ, ապա վրան սրսկէ տաշուած կրիւյեր պանիր: Կրիւյեր պանիրին տեղ կրնաս գործածել մոցցարելլա պանիր: Կարեւորը, որ ան ճերմակ ըլլայ: Բերանին, աչքերուն եւ կոճակներուն տեղ ձիթապտուղի կտորներ դիր, իսկ քիթին համար` կարմիր կամ նարնջագոյն պղպեղի կտոր մը:

բ.- Կաղանդի ծառի ձեւով փիցցան: Փիցցային խմորը կտրէ Կաղանդի ծառի ձեւով, եռանկիւնաձեւ ճիւղեր եւ քառակուսի կոճղ: Անոր վրայ քսէ քրեմ ֆրեշ, լոլիկի մածուկ կամ փեսթօ թացան: Վրան սրսկէ խաւ մը տաշուած կրիւյեր պանիր եւ զայն զարդարէ ձիթապտուղներով, գունաւոր պղպեղներով եւ չորիզոյի կտորներով:

գ.- Շաքարէ ցպիկի ձեւով փիցցա: Փիցցայի խմորը կտրէ շաքարէ ցպիկի ձեւով: Վրան քսէ քրեմ ֆրեշ եւ սրսկէ տաշուած կրիւյեր պանիր: Զայն զարդարէ մանր լոլիկներով կամ չորիզոյի կտորներով:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուըտած 11 անասունները. երեք շուն, երեք կատու, օձ մը, նապաստակ մը, մողէս մը, թռչուն մը եւ կրիայ մը: Ուշադրութի՛ւն, երբեմն կ՛երեւի անասունին դէմքը միայն, եւ ոչ` ամբողջ մարմինը:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած նապաստակի 20 գլուխները:

 

Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած 13 նոթերը: Զանոնք փնտռած ատենդ նաեւ գտիր պահուած կերպընկալէ բադիկը, բուն, պոուլինկի «շիշ» մը, ասեղը, ինքնաշարժներու երթեւեկի լոյսը եւ Կաղանդի ծառը:
Նախորդը

50 Տարի Առաջ (16 Դեկտեմբեր 1967)

Յաջորդը

Դասախօսութիւն` «Շաքարախտը» Նիւթով

RelatedPosts

Սպասելով Ս. Ծնունդը…
Մանկապատանեկան

Սպասելով Ս. Ծնունդը…

January 3, 2026
Նուէրներու Ցանկդ Պատրա՞ստ Է
Մանկապատանեկան

Նուէրներու Ցանկդ Պատրա՞ստ Է

December 27, 2025
Կաղանդի Մթնոլորտ.  Ո՞վ Է «Ընկոյզկոտրիչը»  (Տը Նաթքրաքըր)
Մանկապատանեկան

Կաղանդի Մթնոլորտ. Ո՞վ Է «Ընկոյզկոտրիչը» (Տը Նաթքրաքըր)

December 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.