Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Քաղաքացիական Օրէնսգիրքի Փոփոխութիւններ. ՀՅԴ-ի Առաջարկը Կառավարութիւնը Ընդունած Էր, Խորհրդարանն Ալ Կողմ Քուէարկեց

December 15, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանը ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիական օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին հարցը:

Հիմնական զեկուցող` արդարադատութեան փոխնախարար Արթուր Յովհաննիսեան նշեց, որ նախագիծը միտուած է քաղաքացիական-իրաւական յարաբերութիւններուն մէջ  համաչափ հաւասարակշռութիւն մտցնելուն` պարտաւորութեան երկու կողմերու` ե՛ւ պարտատիրոջ, ե՛ւ պարտապանի համար, տոյժերու եւ տուգանքներու  առաւելագոյն ժամանակահատուածը սահմանափակելուն: Ան  նշեց, որ ՀՅԴ-ի առաջարկներուն հիման վրայ փոփոխութիւններ կատարուած են, որոնցմով աւելի բարելաւուած է պարտապաններու վիճակը:

«Այսօր եթէ պարտապանը խախտեց իր պարտաւորութիւնները, պարտատէրը գրութիւն կ՛ուղարկէ անոր, որ գոյքը պէտք է իրացուի, եւ անկէ ետք օրէնքով նախատեսուած է, որ պէտք է սպասել երկու ամիս, ապա ձեռնամուխ ըլլալ գոյքի իրացման, որուն պատճառով լրացուցիչ տոյժեր եւ տուգանքներ կու գան պարտապանին վրայ», ըսաւ փոխնախարարը:

Ան նշեց, որ հիմա նախագիծով սահմանուած է, որ պարտապանը, ինչպէս նաեւ գրաւատուն, եթէ տարբեր մարդիկ են, գրաւոր համաձայնութիւն ներկայացնեն պարտատիրոջ` գոյքի բռնագանձումը իրականացնելու համար: Պարտատէրը այդ համաձայնութիւնը ստանալէ ետք պէտք է ձեռամուխ ըլլայ գոյքի իրացման:

Ֆինանսավարկային եւ պիւտճէական հարցերու մնայուն յանձնախումբի անդամ, դաշնակցական պատգամաւոր Արմէնուհի Կիւրեղեան հանդէս եկաւ յարակից զեկուցումով: «ՀՅԴ-ն մէկ փոփոխութեան առաջարկ ներկայացուցած էր, որ կը  վերաբերէր բռնագանձման ժամկէտը պահելու հարցին: ՀՅԴ-ի առաջարկով` ճիշդ երկու ամիսը նորէն դարձաւ մինչեւ երկու ամիս, որպէսզի գրաւատուն, եթէ ցանկութիւն ունի, անմիջապէս  համաձայնութիւն տայ գրաւի իրացման», ըսաւ ան:

Պատգամաւորը շեշտեց, որ յանձնախումբը միաձայնութեամբ համաձայնութիւն տուած է օրինագիծին եւ խնդրած է, որ կողմ քուէարկեն օրէնքին: Նախագիծը ընդունուեցաւ միաձայնութեամբ` 93 ձայնով:

Նախորդը

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Նաւթի Պեղման Աշխատանքները Սկսելու Զոյգ Արտօնագիրները

Յաջորդը

Ռուստամեան. «Երուսաղէմի Շուրջ Զարգացումները Կը Սրեն Լարուածութիւնը Շրջանին Մէջ»

RelatedPosts

Սամուէլ Կարապետեան Դարձեալ Ձերբակալուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Սամուէլ Կարապետեան Դարձեալ Ձերբակալուեցաւ

November 5, 2026
Ընդդիմադիր Ուժերու Ընդլայնուած  Հանդիպում` «Ուժեղ Հայաստան»  Կուսակցութեան Նախաձեռնութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերու Ընդլայնուած Հանդիպում` «Ուժեղ Հայաստան» Կուսակցութեան Նախաձեռնութեամբ

November 5, 2026
Ապտուլ Սայետ. «Իբրեւ Միչիկընի Յաջորդ  Ծերակուտական` Ես Հանդէս Պիտի Գամ Հայ Ժողովուրդի  Խաղաղութեան, Արժանապատուութեան,  Անվտանգութեան Եւ Ինքնորոշման Օգտին»
Հայկական

Ապտուլ Սայետ. «Իբրեւ Միչիկընի Յաջորդ Ծերակուտական` Ես Հանդէս Պիտի Գամ Հայ Ժողովուրդի Խաղաղութեան, Արժանապատուութեան, Անվտանգութեան Եւ Ինքնորոշման Օգտին»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.