Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինսքի Խմբակի Համանախագահող Երկիրները Յայտարարութիւն Հրապարակած Են

December 8, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած ԵԱՀԿ-ի նախարարական խորհուրդի հանդիպումին աւարտին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարները` Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընը եւ Ֆրանսայի մնայուն ներկայացուցիչ Վերոնիք Ռոժէ-Լաքան միացեալ յայտարարութիւն հրապարակած են: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին յայտնած են ԵԱՀԿ-ի մամլոյ ծառայութենէն:

Անոնք շեշտած են, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման միջնորդութեան հարցին մէջ ունին միասնական յանձնառութիւն, եւ որ տագնապը պէտք է լուծուի Հելսինքիի եզրափակիչ հռչակագիրի առանցքային սկզբունքներուն հիմամբ, ներառեալ ուժ եւ ատոր սպառնալիքը չկիրարկել, տարածքային ամբողջականութիւն եւ ժողովուրդներու իրաւահաւասարութիւն ու ինքնորոշում:

«Մենք կը վերահաստատենք մեր միասնական յանձնառութիւնը այս տագնապի խաղաղ բանակցային լուծման նկատմամբ` իբրեւ շրջանի ժողովուրդներուն իրական հաշտեցման բերելու միակ ճանապարհ: Մենք կ՛ողջունենք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ բարձր մակարդակի երկխօսութեան վերսկսումը 16 հոկտեմբերին Ժընեւի մէջ` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հովանիին տակ: Մենք մեր գոհունակութիւնը կ՛արտայայտենք աշխուժացած բանակցութիւններուն կապակցութեամբ եւ կոչ կ՛ուղղենք կողմերուն կեդրոնացնելու իրենց ջանքերը քաղաքական լուծման բովանդակային հարցերուն փոխզիջումային լուծումներ գտնելու ուղղութեամբ:

Հետագայ դադարները աւելի պիտի բարդացնեն իրավիճակը եւ կրնան հարցականի տակ դնել տեւական համաձայնութեան հասնելու կողմերուն յանձնառութիւնը: Յղում կատարելով շփման գիծին վրայ լարուածութեան թուլացման յաւելեալ միջոցներ նախաձեռնելու երկու նախագահներու յանձնառութեան` կոչ կ՛ուղղենք Պաքուին եւ Երեւանին ընդունելու ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գոյութիւն ունեցող գրասենեակի ընդլայնումը:

«2016-ի Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի վեհաժողովներուն ընթացքին ընդունուած միւս որոշումները եւս պէտք է իրականացուին: Մենք կ՛աջակցինք Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան ջանքերուն` ուղղուած անհետ կորսուած անձերու վերաբերեալ տեղեկութեան փոխանակման: Կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք զերծ մնալ այս կարեւոր մարդասիրական քայլերը անհարկի քաղաքականացնելէ: Մեր երկիրները պատրաստ են սերտօրէն աշխատելու կողմերուն հետ` տեւական եւ խաղաղ լուծման հասնելու ուղղութեամբ: Մենք յանձնարարած ենք մեր համանախագահներուն շարունակել իրենց միջնորդական ջանքերը` յառաջ մղելու կողմերուն ներկայացուած աշխատանքային առաջարկներու փոխզիջումները, սակայն կը շեշտենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերջ դնելու առաջնային պատասխանատուութիւնը կը մնայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն վրայ», նշուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարներու յայտարարութեան մէջ:

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն Դատապարտեց Թրամփի Որոշումը, Իսկ Խորհրդարանը Այսօր Կը Գումարէ Երուսաղէմի Նուիրուած Նիստ Մը

Յաջորդը

«Միացեալ Նահանգներ Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրին Մէջ Կ՛աջակցին Մինսքի Խմբակի Ջանքերուն» Կ՛ըսէ Թիլըրսըն

RelatedPosts

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու  Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական  Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»
Հայկական

Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»

October 29, 2026
Պորտիուժա. «Հայաստանը  Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն
Գլխաւոր լուրեր

Պորտիուժա. «Հայաստանը Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.