Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

1988 Թուականի Սպիտակի Երկրաշարժը Եւ Համաշխարհային Հանրութեան Օգնութիւնը

Դեկտեմբեր 7, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

1988 թուականի դեկտեմբեր 7-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ աւերիչ երկրաշարժ: Անիկա ընդգրկեց հանրապետութեան հիւսիսային եւ հիւսիսարեւելեան շրջանները, անոր տարածքին մօտաւորապէս 40%-ը: Հաշուած վայրկեաններու ընթացքին լրիւ կամ մասնակի աւերակ դարձան Սպիտակ, Լենինական, Կիրովական, Ստեփանաւան քաղաքները, Սպիտակի, Ախուրեանի, Գուգարքի, Արագածի, Կալինինոյի, Ստեփանաւանի շրջաններու հարիւրէն աւելի գիւղեր ու բնակավայրեր: Զոհուեցաւ 25 հազարէն աւելի մարդ, 500 հազարը մնաց անօթեւան: Շարքէն դուրս եկաւ բնակելի շէնքերուն 17%-ը, շուրջ` 8 միլիոն քառ. մեթր բնակելի տարածութիւն: Դադրեցան գործել 170 արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններ, շուրջ 1200 անասնապահական շինութիւններ աւերուեցան: Հայաստանի տնտեսութեան հասցուած վնասը կազմեց 13 միլիառ ռուբլի:

Երկրաշարժի ճիշդ յաջորդ օրը Մոսկուայէն Հայաստան ժամանեց յատուկ յանձնաժողովը` Խորհրդային Միութեան նախարարներու խորհուրդի նախագահ Ն. Ռիժքովի ղեկավարութեամբ: Յանձնաժողովը հոգատարութեամբ ու մեծ եռանդով կազմակերպական վիթխարի աշխատանք կատարեց ազգաբնակչութեան օգնութիւն ցոյց տալու, աղէտի հետեւանքները վերացնելու համար: Խորհրդային Միութեան ղեկավար Մ. Կորպաչովը դադրեցուց իր պաշտօնական այցը Միացեալ Նահանգներ եւ եկաւ Հայաստան:

Հանրապետութիւն եկան հարիւրաւոր փրկարարներ եւ բժիշկներ: Խորհրդային Միութեան բոլոր հանրապետութիւնները երկրաշարժի առաջին ժամերէն սկսան Հայաստան տեղափոխել` դեղորայք, բուժսարքաւորումներ, շինարարական սարքաւորումներ, վրաններ, սննդամթերք եւ ապա` շինարարական աշխատանքներ կատարել: 1989 թուականին աղէտի գօտիին մէջ կ՛աշխատէին Խորհրդային Միութեան տարբեր շրջաններէ եկած աւելի քան 40 հազար մասնագէտներ, զինծառայողներ:

Շուրջ 170 հազար մարդ դուրս բերուեցաւ աղէտի գօտիէն եւ հանգրուան գտաւ Խորհրդային Միութեան տարբեր հանրապետութիւններու մէջ:

Հայաստանին համակողմանի օգնութիւն ցոյց տուին աշխարհի աւելի քան 113 երկիրներ եւ 7 միջազգային կազմակերպութիւններ:

Երկրաշարժի առաջին ժամերէն սփիւռքի հայութիւնը համախմբուեցաւ եւ բազմակողմանի օգնութիւն ցոյց տուաւ իր հայրենակիցներուն: Անոնց կողմէ ստեղծուեցան «ՍՕՍ Արմենի», «Ազնաւուրը Հայաստանին» եւ տասնեակ այլ կազմակերպութիւններ: Բազմաթիւ սփիւռքահայեր շտապեցին հայրենիք` իրենց հետ բերելով սննդամթերք, հագուստ, դեղորայք: Անոնցմէ շատեր` բժիշկներ, հոգեբաններ, շինարարներ, ճարտարապետներ, մնացին Հայաստան եւ անմիջականօրէն մասնակցեցան փրկարարական եւ վերականգնողական աշխատանքներուն:

Հայաստանին օգնութիւն բերող եուկոսլաւիական օդանաւը աղէտի ենթարկուեցաւ, եւ անոր 7 հոգիէ բաղկացած անձնակազմը զոհուեցաւ Երեւանի մատոյցներուն: Հայ ժողովուրդը մշտապէս կը պահպանէ անոնց յիշատակը:

Տարբեր պետութիւններ շարունակեցին օգնութիւնը Հայաստանին նաեւ հետագայ տարիներուն: Իտալացիները  ամբողջ բնակելի թաղամաս մը կառուցեցին Սպիտակի մէջ, նորվեկիացիները` ժամանակակից հիւանդանոց, որ կը կրէ մեծ հայասէր Ֆ. Նանսենի անունը: Թաղամաս կառուցած են աւստրիացիները: Գիւմրիի մէջ շահագործման յանձնուեցան անգլիացիներու կառուցած դպրոցը, որուն բացման մասնակցեցաւ Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Մարկրեթ Թաչըրը:

 

Նախորդը

Արման Աբովեան. «Իմ Ամբողջ Մանկութիւնս Մնաց Այնտեղ, Այն Հիւանդանոցին Մէջ` Արիւնոտ Շղարշներու, Վիրաւորներու Ճիչերու Ու Արմինիէն Հետ»

Յաջորդը

Դրուագներ Դուշման Վարդանի Վարքից

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?