Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արման Աբովեան. «Իմ Ամբողջ Մանկութիւնս Մնաց Այնտեղ, Այն Հիւանդանոցին Մէջ` Արիւնոտ Շղարշներու, Վիրաւորներու Ճիչերու Ու Արմինիէն Հետ»

Դեկտեմբեր 7, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Անկախ». Դեկտեմբեր 7, Երեւան: Ես 14 տարեկան եմ: Դպրոցին մէջ, բնագիտութեան ժամուն, զանգէն  քանի մը րոպէ առաջ սկսաւ ցնցուիլ, պատուհանները թափեցան, մենք դուրս վազեցինք բակ: Տնօրէնն ու ուսուցիչները վերջինը դուրս եկան դպրոցէն: Երեխաները չէին լար, անգամ` առաջին դասարանցիները:

Դեկտեմբեր 8: Հայրս գիշերը գնաց Լենինական, մայրս թաքուն կու լար, որ մեզ չվախցնէ: Մենք դասարանով որոշեցինք որպէս կամաւոր երթալ հիւանդանոց:

Դեկտեմբեր 9, Երեւան, Միքայէլեանի անուան հիւանդանոց: Վիրաւորներ, վիրաւորներ, վիրաւորներ ամէնուրեք` միջանցքներու, անցուղիներու, յարկերու մէջ, ամէնուրեք արեան հոտ եւ` սեւ ինչ-որ բանով կեղտոտուած շղարշներ: Աղջիկ մը բերին, ես ու Գրիգորը զայն պատգարակով շալկեցինք  4-րդ յարկ: Աղջիկը փոքր էր, 7-8 տարեկան: Անունը Արմինէ է: Ոտքերու փոխարէն` ոսկորներէ ու միսէ շիլա է: Որոշեցի` պիտի այցելեմ անոր:

Դեկտեմբեր 10: Հիւանդանոց եկան բժիշկներ` Լենինկրատէն ու Ֆրանսայէն. կ՛ըսեն, որ նոյնիսկ 2 իսկական ամերիկացիներ կան եւ  բուժքոյր մը` նոյնպէս այնտեղէն, կ՛ըսեն` սեւամորթ: Ամսուն 8-էն դասարանէն ոչ ոք տուն գացած է: Ցերեկ ու գիշեր, գիշեր ու ցերեկ խառնուած է աղաղակներու, մահերու, հայհոյանքներու, սպիտակ շրջազգեստներու մղձաւանջային խճանկարին մէջ: Նախ հիւանդացաւ մեր դասարանի Նուարդիկը, 3 օր անքուն մնացած էր, տարին տուն:

Դեկտեմբեր 11: Մեր դասարանցի Շուպին Պետեանը, մոլոկան, 2 մեթր հասակով թիկնեղ տղայ մը, թաքուն կու լար հիւանդանոցի դիահերձարանին քով: Միայն ես տեսայ, բայց որոշեցի միւսներուն չըսել: Ջնջխուած ոտքերով Արմինէն դեռ ուշքի չէ եկած: Բժիշկը հարցուց` անոր ի՞նչն եմ, ստեցի, ըսի` եղբայրն եմ:

Դեկտեմբեր 12: Սորվեցուցին ծխել մենթոլով զզուելի ծխախոտներ: Վրայէս  քրտնքի ու վալիդոլի հոտ կու գայ: Եկաւ հայրիկը` դուրս թափող աչքերով նայեցաւ, գրկեց ու ըսաւ` տուն գնա՛: Հրաժարեցայ: Հայրիկս ձեռքս ամուր սեղմեց, կեանքին մէջ առաջին անգամ, ինչպէս` տղամարդու ձեռքն ու գնաց: Նկատեցի, որ գրպանիս մէջէն կ՛երեւէր ծխախոտի տուփը: Հայրիկս ոչինչ ըսաւ:

Դեկտեմբեր 13: Մեր դասարանէն ոտքի վրայ մնացինք միայն ես, Գուրգէնը, Արսէնը, Արմէնն ու Արամայիսը: Արդէն մենք ալ կրնանք երթալ, արտասահմանէն եկած բժիշկներն ու բուժանձնակազմն արդէն բաւական են: Տպաւորութիւն է, որ հիւանդանոցը վերածուած է Բաբելոնի` գերմաներէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, ռուսերէն լեզուները կը լսուին ամէն կողմէ: Կ՛ուզեմ ուտել ու քնանալ:

Դեկտեմբեր 14: Վեր  բարձրացայ` Արմինէին  քով: Բժիշկը ըսաւ, որ զայն տարած են: Միջանցքին մէջ լսեցի, թէ ինչպէս կ՛ըսեն, որ ան մահացած է: Ալ ոչինչ կը յիշեմ: Արթնցայ տունը: Մայրս կ՛ըսէր, որ ուշաթափուած եմ, ու զիս տուն բերած են:

Դեկտեմբեր 15: Վե՛րջ: Իմ ամբողջ մանկութիւնս մնաց այնտեղ, այն հիւանդանոցին մէջ` արիւնոտ  շղարշներու, վիրաւորներու ճիչերու եւ Արմինէին հետ:

1988 թուական դեկտեմբեր 7: Հայաստանի սարսափելի երկրաշարժի օրն է, որ խլեց շուրջ 30 հազար կեանք` Լենինականի ու Սպիտակի մէջ:

 

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Գիւմրի Սպիտակ

Յաջորդը

1988 Թուականի Սպիտակի Երկրաշարժը Եւ Համաշխարհային Հանրութեան Օգնութիւնը

RelatedPosts

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէին` Գարեգին Նժդեհի Կիսանդրիի Բացում
Անդրադարձ

Մենք Պէտք Է Յաջողինք Վերստին Հրապարակ Բերել Հայու Նժդեհի Հաւատացած Տեսակը*

Յուլիս 15, 2025
Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ
Անդրադարձ

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ

Յուլիս 14, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Լուրջ… Երգիծանք. Ուղեղի Բորբոսը Դարմանելու Ձեւ Կա՞յ

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?