Յ. Տ. ՅՈՒՍԻԿԵԱՆՑ
Հազար ինն հարիւր ութսունութ թուին,
Պատանքը պատած մահամերձ տարին,
Թաքնուած սպիտակ սաւանի ետին,
Կը սպասէր իր օրերուն լրումին,
Որ իր տեղը զիջէր նորեկին:
Իսկ յաջորդ տարին
Սրարշաւ եկած` հասած էր արդէն
Եւ կանգնած` Նայիրեան աշխարհի սեմին:
Այդ ալ իր կարգին` կը սպասէր օրերու լրումին,
Որ, փոխարինէր մահացող տարին:
Այդ օր դեկտեմբեր եօթին, շատ մօտիկ կէսօրին,
Զուարթ գիւմրեցին կը պատրաստուէր իր բաժակաճառին:
Ատոր կողքին, Սպիտակի մէջ,
Պապիկ ու տատիկ, հարս ու թոռնիկ
Նստած էին, շուրջը` լիառատ սեղանին,
Զրոյց կ՛ընէին` Նոր տարուան մասին:
Պապիկը դեռ չէր կիսած նկանը հացին,
Սպասելով` իր զաւկին գործէն տուն դարձին:
Իսկ շնիկ ու փիսիկ, շողիք շրթունքին,
Կը սպասէին սեղանէն իյնալիք համեղ պատառին:
Յանկարծ դղրդիւն մը, ուժգին ցնցում մը, շարժ եկաւ աշխարհն հայոց
Եւ պատէն կախուած գեղօր մը ինկաւ յատակին:
Պապի՛կ, պապի՛կ, երկինքը փուլ կու գայ, ճչաց տղեկը:
Պապիկը խոհուն, տեսաւ ճեղքուիլը պատերուն,
Չէ՛, բալի՛կ, չէ՜, երկիրն է, որ մեզ կուլ կու տայ:
Ու րոպէ մը չանցաւ, միայն մէկ րոպէ… ամէն ինչ լռեց…
Այդ օր ողջ մնացողը պատմեց:
Գիւմրին եղած էր կիսաքանդ քաղաք:
Իսկ Սպիտակը բոլորովին անցած էր հողին տակ:
Օրերուն լրումին` այդ տարին մեռաւ, բայց յուղարկաւոր չգտաւ,
Նոր տարին ծնաւ, իրեն քաւոր չգտաւ:
Յ. Գ.- Թումանեանը յարութիւն առաւ, եւ ըսաւ.
«… Հանգէ՛ք իմ որբեր, ի զուր են յուզմունք, ի զուր եւ անշահ»…
Տող մը «Հոգեհանգիստ» բանաստեղծութենէն