Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ յետմիջօրէին նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Մուսթաքպալ պլոքը ողջունեց կառավարութեան որոշումը` մաղթելով, որ կառավարութեան աշխատանքը շուտով կարգաւորուի:
Մուսթաքպալ պլոքը դրուատեց նաեւ Հարիրիի ի գործ դրած ճիգերը` գործադրելու համար շրջանային տագնապներէն ինքզինք զանց կացուցելու Լիբանանի քաղաքականութիւնը:
Պլոքը գնահատեց իր հրաժարականը յետս կոչելու Հարիրիի կեցուածքը` մաղթելով, որ կառավարութեան աշխատանքը բարելաւուի:
Նշենք, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, Հարիրի ուրբաթ, 8 դեկտեմբերին, Փարիզի մէջ ներկայ պիտի գտնուի Լիբանանի օժանդակ երկիրներու խորհրդաժողովին եւ հանդիպումներ պիտի ունենայ այդ երկիրներու պատասխանատուներուն հետ: