Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Թալիշ… Օճախ Եւ Պատնէշ

December 6, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շինարարութեան յատուկ ձայներ, որոնց մերթ ընդ մերթ կը միանայ թռչնազգիներու ճռուողիւնը:

Այսպէս` ծիծեռնակը վերստին կը շինէ իր բոյնը:

Տարեվերջէն առաջ իսկ Մարտակերտ շրջանի Թալիշ գիւղին բնակիչը պիտի վերադառնայ «տուն, քաղցր տուն», վերստին մշակելու եւ հերկելու իր հողը, վերստին արածելու իր հօտն ու երամակը: Այսպէս, ծխնելոյզէն պիտի ճախրի մուխը` յաւելեալ փայլք մը տալով Մռաւ լերան արեւելեան շրջանի հարաւային լանջին, Թարթառ գետի ձախ կողմին, անտառապատ սարալանջի վրայ գտնուող այս գիւղին, որ հիւսիսային Արցախի ամենամեծն է:

Պատմական Յոռեկ գիւղի աւերակներուն մօտ կառուցուած այս գիւղը բազմիցս քանդուած, թալանուած ու աւերուած է, եւ միշտ ալ` վերակառուցուած:

Դեռ թարմ է պատմութիւնը: 1992-էն ի վեր Թալիշը երկու անգամ աւերուած է, եւ երկու անգամ ալ թալիշցին տեղահանուած է:

1992-ին ազերի զինեալներ, լայնածաւալ յարձակում մը գործելով, գրաւեցին Թալիշն ու շրջակայքը, ու աւելի քան քառասուն հազար հայեր ստիպողաբար հեռացան տարածաշրջանէն: Այս վիճակը տեւեց գրեթէ երկու տարի, մինչեւ` ապրիլ 1994, երբ հայրենի ուժերուն զօրաւոր յարձակողականը ստիպեց թշնամիին, որ նահանջէ: Ամբողջական վերահսկողութեան տակ առնուած էր Թալիշի տարածաշրջանը:

Բոլորովին աւերուած էր այս գիւղը: Ո՛չ մէկ կանգուն տուն մնացած էր: Առանց յուսահատութեան ու յուսալքման` թալիշցին վերադարձաւ իր հայրենի հողը եւ վերականգնեց, վերաշինեց ու վերաբնակեցուց:

Ճակատագիրը կրկին անխնայ եղաւ այս գիւղին հանդէպ: Արդարեւ, ապրիլ 2016-ի քառօրեայ պատերազմին Ազրպէյճանի բանակի ռմբակոծումները մեծ վնասներ հասցուցին Թալիշին եւ թալիշցիին, յատկապէս` գիւղի ծայրամասին մէջ, ուր ծերունիներ մերժած էին հեռանալ իրենց բնակարաններէն: Ազերիներ մուտք գործած էին այս շրջանները եւ չարչարած ու սպաննած` անմեղ ծերունիները:

Շարունակելով իրենց յառաջխաղացքը` նախայարձակ ազերիները գրաւած էին ռազմական դիրքեր, որոնք հետագայ քանի մը օրերու ընթացքին, բուռն ճակատամարտէ ետք, մեծամասնութեամբ վերստին մնացին հայոց բանակի տիրապետութեան տակ:

Բնակարաններու կողքին, նաեւ նոյնքան թափով աշխատանք կը տարուի վերակառուցելու համայնքային կեդրոնը` իր կողքին ունենալով շտապ օգնութեան կեդրոն, երիտասարդներու ժամանցի համար սրահներ եւ, անշուշտ, դպրոց ու մանկապարտէզ:

Արցախի դարպասն ու կաղնին է Թալիշը, որ միշտ ալ պիտի վերաշինուի եւ կանգուն մնայ:

Նախորդը

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Քաղաքական Կամքի Դրսեւորման Պահը

Յաջորդը

Սեռային Ոտնձգութիւններուն Մասին

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.