Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սեռային Ոտնձգութիւններուն Մասին

Դեկտեմբեր 6, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

«Եըպըրնէ ըլ զահըր» ըսաւ` քիթը քիթիս խոթած: Յետմիջօրէի ժամը չորսն էր, Պուրճ Համուտ, Արագած շրջան, կամուրջին տակ: Առաջին անգամը չէր, որ տղայ մը կ՛որոշէր հասցէիս «գովասանք» հիւսել իր նեխած, ստորին եւ գձուձ էութեամբ: Այլեւս զզուելի դարձած է այս իրականութիւնը մեր կեանքին մէջ, իմ կեանքիս մէջ, աղջիկներու եւ կիներու կեանքին մէջ, սեռային փոքրամասնութեանց, ազգային փոքրամասնութեանց կեանքին մէջ: Անկարելի եղած է այլեւս օրուան բոլոր ժամերուն հանգիստ ճամբայ քալելը: Լիբանանի ներկայ պայմաններուն մէջ, ճամբան քալած ժամանակդ,  նախ զգուշ պէտք է ըլլաս պայուսակիդ ապահովութեան եւ ապա` մարմինիդ ապահովութեան համար. չես գիտեր` ո՛վ, ո՛ր ժամուն կ՛ուզէ հասցէիդ խօսք մը նետել կամ մարմնիդ ձեռք մը նետել: Եւ այս բոլորը կը պատահին երկվայրկեանի մը մէջ եւ հոգիիդ ու մարմնիդ վրայ դրոշմ կը ձգեն յաւիտեան: Արդարեւ, այս անեքթոտը մէկ օրինակ է, չըսելու համար` թերթի յանձնուելիք միակ յարմարը այն բազմաթիւ դէպքերէն, որոնց փորձառութիւնը ապրած եմ եւ վստահ եմ` նաեւ ապրած են ձեզմէ շատերը:

Այս դէպքն ալ սեռային հիմքի վրայ բռնութիւն է: Այս դէպքը ոճիր է: Այս դէպքը սեռային ոտնձգութիւն է:

Ի՞նչ կը նշանակէ սեռային ոտնձգութիւն (sexual harassment)

Սեռային ոտնձգութիւն է որեւէ հաղորդակցութեամբ (ուղղակի, հեռախօսով, հեռախօսային կարճ նամակով, ե-նամակով, գրութեամբ) արտասանուած արտայայտութիւն, որ կ՛ընդգրկէ սեռական ակնարկ կամ առաջարկ, եւ որ կը բռնադատէ, կը վարկաբեկէ խնդրոյ առարկայ անձը եւ կը սպառնայ անոր:

Այսինքն, վերոնշեալ դէպքին հակահերոսը, արաբերէն բառացի թարգմանութեամբ, կ՛ուզէր, որ իմ հագած վարդագոյն վերնաշապիկս զինք թաղէր (եւ խորքին մէջ, ես ալ կ՛ուզէի այդ ակնարկէն ետք զինք տեղնուտեղը թաղել), իսկ ժարկոնային թարգմանութեամբ, այս հակահերոսը ինքզինքին իրաւունք կու տայ, առանց նկատի առնելու իմ արժանապատուութիւնս, իր հեշտանքը պարտադրել ինծի:

Եւ ես գիտեմ, որ այդ տղան սեռային ոտնձգութիւն պիտի կատարէր` անկախ իմ հագուածքէս ու անկախ ժամէն եւ վայրէն: Այդ տղան ու իր նմանները սեռային ոտնձգութիւն կը գործադրեն, որովհետեւ ունին ուժը եւ կիրքը` ճնշում բանեցնելու ու տեռոր տարածելու իրենց շուրջը: Նշենք, որ սեռային ոտնձգութիւնները միայն ճամբան անծանօթներու կողմէ չեն պատահիր, անոնք կրնան տեղի ունենալ գործատեղը, դպրոցը, համալսարանը, միութիւններու, հաստատութիւններու, ընտանիքներու մէջ եւ ամէն տեղ:

Իսկ ինչպէ՞ս կարելի է պայքարիլ սեռային ոտնձգութիւններուն դէմ

Աւանդական ձեւը պիտի ըլլար մեր աղջիկներուն/կիներուն համար տուն վերադառնալու յատուկ ժամ ճշդելը, նախընտրաբար` նախքան մայրամուտը, չէ՞, կամ` անոնց հետ տղամարդու մը ընկերակցութիւնը, որպէսզի պաշտպանէ կիներուն անպաշտպան մարմինները ճիշդ նո՛յն տղամարդոցմէ, որոնք վտանգ կը սպառնան անոնց (երկսայրի դժուարութիւն): Բայց այս չի վերացներ սեռային ոտնձգութիւններ գործադրող ոճրագործներուն սպառնալիքը:

Սեռային ոտնձգութիւնները կասեցնելու համար զանոնք դատապարտող օրէնք պէտք է: Արդարեւ, մարտ ամսուան մէջ, կիներու հարցերու նախարարութիւնը, նախարար Ժան Օղասապեանի գլխաւորութեամբ, նախարարաց խորհուրդին ներկայացուցած է սեռային ոտնձգութիւնները դատապարտող օրէնքի նախագիծ մը, որ տակաւին չէ վաւերացուած:

Մինչ այդ, եթէ տակաւին սեռային ոտնձգութիւնները դատապարտող օրէնք չկայ, Լիբանան ունի այլ օրէնքներ, որոնք կը դատապարտեն սեռային բռնութիւնն ու բռնաբարութիւնը:

Ի՞նչ է տարբերութիւնը սեռային բռնութեան եւ սեռային ոտնձգութեան

Ինչպէս վերը նշեցինք, սեռային ոտնձգութիւնները արտայայտութիւններ են, որոնք սեռական ակնարկով կը վարկաբեկեն ու կը նուաստացնեն մարդուն արժանապատուութիւնը եւ կը բռնադատեն ու վախի կը մատնեն խնդրոյ առարկայ անձը, իսկ սեռային բռնութիւնները այն արարքներն են, որոնք կ՛ընդգրկեն` հպում, շօշափում, ձեռնում մարմինի, եւ որոնք կրնան հասնիլ մինչեւ բռնաբարութիւն: Լիբանանի Քրէական օրէնսգիրքի թիւ 503-էն 510 եւ 519 յօդուածները սեռային բռնութիւն եւ բռնաբարութիւն գործադրած ոճրագործները 6 ամիսէն 7 տարուան բանտարկութեամբ կը պատժէ:

Ուրեմն, եթէ, Աստուած մի՛ արասցէ,
գտնուիս նման վիճակի մը մէջ,
անպայման ոստիկանութեան
հեռաձայնէ թիւ 112 թէժ գիծով:

——————————————-

Սխալ կարծիքներ սեռային ոտնձգութեան մասին.

  • Սեռային ոտնձգութիւնը անվնաս է, քանի որ ֆիզիքական չէ,
  • Գեղեցիկ կիները փախուստ չունին սեռային ոտնձգութենէն,
  • Սեռային ոտնձգութիւնները բնական  երեւոյթներ են, մենք չենք կրնար կասեցնել,
  • Կիներուն հագուածքը առիթ կու տայ սեռային ոտնձգութիւններու,
  • Սեռային ոտնձգութիւն գործադրող ոճրագործին բացայայտումը չի կասեցներ սեռային ոտնձգութիւնները,
  • Սեռային ոտնձգութեան գործադրութեան պարագային, ոստիկանութեան գանգատ ներկայացնելդ անօգուտ է:

——————————————-

Ի՞նչ պէտք է ընել, երբ անձ մը մեր դէմ սեռային ոտնձգութիւն կը գործադրէ

Չկայ յատուկ ձեւ մը` կասեցնելու այսպիսի ոտնձգութիւններ, ատիկա կը տարբերի ըստ կացութեան: Ներքեւի թելադրանքներով կը փորձենք քանի մը ցուցմունքներով քիչ մը օգտակար դառնալ ձեր կողմնորոշման:

  • Հակադարձէ՛, մի՛ արտօներ, որ ան շարունակէ իր ոտնձգութիւնը: Փորձէ՛ տարբեր ձեւերով կասեցնել զինք, օրինակ` եթէ հաստատութեան մը մէջ տեղի ունեցաւ այդ, ուր որոշ ծանօթութիւն մը գոյութիւն ունի ոճրագործին հետ, մատնանշէ, որ եղածը ոտնձգութիւն է, եւ դուն հանգիստ չես զգար այդ խօսակցութեամբ: Եթէ հանրային վայրերու մէջ կատարուի ատիկա, կարելի է պոռալով խայտառակել ոճրագործը, որ վախէն ու ամօթէն արդէն խոյս կու տայ քեզմէ:
  • Եթէ հաստատութեան մը մէջն ես, ուր յատուկ գրասենեակ կայ սեռային ոտնձգութեան հարցերու, ուղղուէ՛ հոն:
  • Ոստիկանութեան/տնօրէնութեան տեղեկացուր:
  • Խօսէ՛, մի՛ ամչնար, խօսէ՛ եւ պատմէ՛ շուրջիններուդ: Առանձին չես: Մենք բոլորս հետդ ենք:

Մենք բոլորս հետդ ենք
սեռային ոտնձգութեան դէմ,
սեռային ոտնձգութիւն կատարող
ոճրագործին դէմ:

 

 

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Թալիշ… Օճախ Եւ Պատնէշ

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հայրապետական Պատգամը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովին. 5-8 Դեկտեմբեր 2017 Անթիլիաս, Լիբանան

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?