Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի . Պարտաւորեցնող Համաձայնագիր

Դեկտեմբեր 6, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

24 նոյեմբեր 2017-ին Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Եւրոպական Միութիւնը Արեւելեան գործընկերութեան համապարփակ եւ ընդլայնուած համաձայնագիր ստորագրեցին:

Համաձայնագիրը կ՛անդրադառնայ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործակցութեան բազմազան ոլորտներուն` քաղաքական, իրաւական, տնտեսական,  ելեկտրական, բնապահպանական, կրթական, մշակութային, արցախեան հակամարտութեան, քաղաքացիական եւ այլն:

Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան տրամադրած տեղեկութեան համաձայն, քաղաքական բաժինը կ՛ընդգրկէ համագործակցութիւն` Հայաստանի մէջ  ժողովրդավարական հաստատութիւններու զարգացման, փտածութեան դէմ պայքարի, դատաիրաւական բարեփոխումներու, մարդու իրաւունքներու  պաշտպանութեան մակարդակի բարձրացման համար եւ այլն:

Ըստ համաձայնագրին,  կողմերը պէտք է համատեղ ջանքեր ի գործ դնեն տարածաշրջանին մէջ պատերազմները կանխելու, միջազգային համագործակցութիւնը զարգացնելու, ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու, զանգուածային ոչնչացման զէնքերու տարածումը կանխարգիլելու, տարածաշրջանի անվտանգութեան նպաստելու եւ այլն:

Արցախեան հարցին կարգաւորման ուղղութեամբ համաձայնագիրը կը հաստատէ, որ տագնապը պէտք է լուծուի թէ՛ պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան եւ թէ՛ ժողովուրդներու ազատ ինքնորոշման սկզբունքներուն հիման վրայ` զանց առնելով ուժի եւ ուժի սպառնալիքի օգտագործումը: Եւրոպական Միութիւնը պարտաւորութեան տակ կը դրուի սատարելու տագնապի խաղաղ լուծման:

Ըստ համաձայնագրին, Հայաստան պէտք է յարգէ նաեւ օրէնքի գերակայութիւնը եւ մարդու իրաւունքներն ու հիմնական ազատութիւնները, դատական համակարգի անկախութիւնը, արդարադատութեան մատչելիութեան իրաւունքները եւ այլն:

Տնտեսութեան ոլորտին մէջ եւս կողմերը պիտի գործակցին` Հայաստանի մէջ մանր եւ միջին  առեւտուրի զարգացման, փոխադարձ առեւտուրի զարգացման, հարկային ու մաքսային  մարմիններու բարեփոխման, ներդրումային միջավայրի բարելաւման եւ այլ ուղղութիւններով:

Բնապահպանութեան, առողջապահութեան,  ներուժի եւ այլ ոլորտներու համագործակցութեան կողքին, շեշտը կը դրուի նաեւ Հայաստանի մէջ գիտութեան, կրթութեան եւ երիտասարդութեան առնչուող հարցերուն. մասնաւորապէս կը յիշուի, որ պէտք է ուշադրութիւն դարձնել մասնագիտական եւ բարձրագոյն կրթութեան` որպէս մասնագիտական աշխատատեղիներ ստեղծելու բանալի, ինչպէս նաեւ` կրթութեան եւ վերապատրաստման համակարգերու արդիականացման:

Համաձայնագիրը իրագործելու համար պիտի յառաջանան գործընկերութեան երկկողմանի խորհուրդ եւ կոմիտէ, իսկ համաձայնագրի բոլոր դրոյթներու իրականացումին պիտի հետեւին Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն խորհրդարանական խումբը եւ  քաղաքացիական հասարակութեան  հարթակը:

Համաձայնագիրը կողմերը պարտաւորութեան տակ կը դնէ նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան հետ պարբերաբար քննարկելու համաձայնագրին իրականացման ընթացքը եւ նկատի առնելու հասարակութեան կարծիքը:

Իր խորքին եւ էութեան մէջ այս համաձայնագիրը պատմական անկիւնադարձ մըն է Հայաստանին համար, որովհետեւ բազմաթիւ ոլորտներու մէջ զարգացման նոր կարելիութիւններ կը ստեղծէ, նոր դռներ կը բանայ մեր հայրենիքին դիմաց, իսկ Հայաստանի նոր սահմանադրութիւնը կրնայ որպէս հիմք ծառայել ակնկալուող զարգացման`  յատկապէս նկատի ունենալով որ նոր սահմանադրութիւնը երկրի քաղաքական համակարգը խորհրդարանական կառավարման ձեւով կ՛օժտէ:  Ճիշդ է որ պետական կառավարման որեւէ ձեւ առանձնաբար չի կրնար երաշխաւորել ժողովրդավարական հաստատութիւններու արդիւնաւէտ գործունէութիւնը, արդար հասարակարգի ստեղծումը, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը եւ այլն, այդուհանդերձ,  քաղաքական կամքը, լուրջ աշխատանքն ու մանաւանդ եւրոպական կառոյցներու հետ ամրապնդուած գործակցութիւնը յաւելեալ երաշխիքներ կրնան հանդիսանալ այս ուղղութեամբ:

«Գ.»

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Քաղաքական Կամքի Դրսեւորման Պահը

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?