Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլանի անձեռնմխելիութիւնը խլելու մասին նոր պահանջ չկայ Թուրքիոյ գլխաւոր դատախազութենէն. այս մասին տեղեկացուց երեսփոխանին մամլոյ բանբեր Թամար Նալճը` հերքելով մամուլին մէջ տարածուած լուրերը:
Աւելի կանուխ, թրքական «Թ-24» կայքը գրած էր, որ դատախազութիւնը խորհրդարանի 2 ընդդիմադիր կուսակցութիւններէն շարք մը երեսփոխաններու վերաբերեալ անձեռնմխելիութիւն խլելու 121 դիմում յղած է արդարադատութեան նախարարութեան եւ խորհրդարանի ղեկավարութեան:
Նալճը յայտնեց, որ այս դիմումներուն մէջ Փայլանի անունը չկայ. թէեւ նախապէս Փայլանի անձեռնմխելիութիւնը խլելու մասին երեք տարբեր պահանջ ներկայացուած էր, սակայն անոնք տակաւին չեն հաստատուած: