«Արմռատիօ» կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի Հայաստան այցելելու ծրագիրին մասին Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեանին ակնարկած է Երեւանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ժոնաթան Լաքոթ:
Դեսպան Ժոնաթան Լաքոթի հետ Կարայեան քննարկած է Ֆրանսայի հետ տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման առնչուող հարցեր: Ըստ դեսպանին, Հայաստանի մէջ ֆրանսական գործարարական ներկայութիւնը ընդլայնելու մտադրութիւն կայ: Դեսպանը յայտնած, որ ինք արդէն հանդիպած է կարգ մը ներդրողներու հետ, եւ կրնայ վկայել, որ ֆրանսացիները կը փափաքին ներդրում կատարել Հայաստանի մէջ` հաշուի առնելով նաեւ Հայաստանի արտածման կարելիութիւնները դէպի եւրոպական, եւրասիական եւ իրանեան շուկաներ: