ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան «օրհնութիւն» է բոլոր անոնց համար, որոնք դէմ են թրքական բռնատիրութեան եւ մարդկային իրաւունքներու զանգուածային խախտումներուն: Օր չկայ, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը դաժանօրէն չվարուի մտաւորականներու, իրաւապաշտպաններու, հասարակական կազմակերպութիւններու, լրագրողներու եւ քաղաքական հակառակորդներու հետ: Էրտողան աւելի վնաս հասցուցած է Թուրքիոյ վարկանիշին, քան ուրիշ ոեւէ մէկը` օսմանեան թուրքերու կողմէ 1915-ին Հայոց ցեղասպանութեան իրականացումէն ետք:
Ազատ խօսքի եւ ակադեմական ազատութեան դէմ թրքական անհանդուրժողականութեան վերջին դրսեւորումը տեղի ունեցաւ, երբ Միչիկընի համալսարանի հայ-թրքական ուսումնասիրութեան կեդրոնը (WATS) որոշեց համաժողով գումարել Պերլինի Եւրոպական ակադեմիայի մէջ, 2017 սեպտեմբեր 15-18: Համաժողովը կազմակերպուած էր Միչիկընի համալսարանի, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Տորնսիֆի հայկական հետազօտութիւններու հիմնարկի եւ Փոցտամի «Լեփսիուս հաուզ» թանգարանին կողմէ` Գերմանիոյ Պրանտենպուրկ նահանգի գիտութեան, հետազօտութիւններու եւ մշակոյթի նախարար դոկտ. Մարտինա Միւնխի հովանաւորութեամբ:
Այս կարեւոր համաժողովին մասնակցելու համար հրաւիրուած էին տարբեր ազգերու նշանաւոր մտաւորականներ, ներառեալ` թուրք մտաւորականներ: Սակայն Թուրքիոյ Բարձրագոյն կրթութեան խորհուրդը խոչընդոտած էր Թուրքիոյ ականաւոր փրոֆեսէօրներու ուղեւորութիւնը` մասնակցելու «Անցեալը ներկայ է. Հայոց ցեղասպանութեան եւրոպական մօտեցումները» խորագիրը կրող համաժողովին:
Սեպտեմբերին Մերձաւոր Արեւելքի ուսումնասիրութիւններու ընկերակցութեան (MESA) նախագահ փրոֆ. Պեթ Պարոն աշխարհի 3000 անդամներու անունով խիստ քննադատական նամակ մը յղեց նախագահ Էրտողանին եւ վարչապետ Եըլտըրըմին` համաժողովին դէմ Թուրքիոյ ջանքերը որակելով իբրեւ «վիրաւորանք` Թուրքիոյ մէջ ակադեմական ազատութեան եւ նոր սպառնալիք մը` ճնշելու այն թեմաներով ուսումնասիրութիւնները, որոնց վրայ ձեր կառավարութեան կողմէ արգելք դրուած է… Պերլինի մէջ գումարուող WATS համաժողովին շուրջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները անգամ մը եւս կը վկայեն ձեր կառավարութեան անկարողութեան մասին` յարգելու մարդկային իրաւունքներու հիմնական ազատութիւնները` թրքական օրէնքներու համաձայն, հակառակ Թուրքիոյ ստանձնած միջազգային յստակ պարտաւորութիւններուն»:
Թուրք ազգայնական քաղաքական գործիչ Տողու Փերինչեք յայտարարեց, որ համաժողովը «պիտի ծառայէ կայսերապաշտութեան եւ Քիւրտիստանի շահերուն» եւ թուրք մասնակիցները անուանեց «դաւաճաններ»: Թուրքիոյ մէջ աջակողմեան թեւի այլ ազգայնամոլներ եւ իշխանամէտ լրատուական միջոցներ եւս դատապարտեցին համաժողովը:
MESA-ի նախագահը իր քննադատական նամակի պատճէնները ուղարկեց` Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահին, Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարին, Թուրքիոյ Բարձրագոյն կրթութեան խորհուրդի նախագահին, Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական խորհրդարանի ենթակոմիտէի նախագահին եւ փոխնախագահին, Եւրոմիութեան արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձր ներկայացուցիչին, Եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման բանակցութիւններու յանձնակատարին, Եւրոպական խորհուրդի մարդկային իրաւունքներու յանձնակատարին, Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին, ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարին, ՄԱԿ-ի խօսքի, կարծիքի ազատ արտայայտման իրաւունքի խթանման եւ պաշտպանութեան յատուկ զեկուցողին, ՄԱԿ-ի կրթութեան իրաւունքի յատուկ զեկուցողին, Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ դեսպանին եւ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին:
Զարմանալի չէ, որ նոյնիսկ շաբաթներ անց ո՛չ Էրտողանը, ո՛չ Թուրքիոյ վարչապետը արձագանգած են MESA-ի նամակին…
Ասկէ բացի, WATS-ի կազմակերպչական կոմիտէն 2017 սեպտեմբեր 18-ին յայտարարութիւն տարածեց` Անգարայի կողմէ Պերլինի համաժողովին թուրք մտաւորականներու մասնակցութեան արգիլումը որակելով որպէս «յարձակում` ազատ խօսքի եւ ակադեմական ազատութեան վրայ, աւելի՛ն, ընդլայնելով նման մտաւոր ճնշում Թուրքիոյ սահմաններէն դուրս: Մենք կը կիսենք Հիւսիսային Ամերիկայի` Մերձաւոր Արեւելքի ուսումնասիրութիւններու ընկերակցութեան (MESA) մտահոգութիւնը, որ նման գործողութիւններ լուրջ եւ խայտառակ կերպով կը վնասեն ուսման եւ գիտելիքներու ազատ փոխանակման»:
WATS նշած է, որ` «համաժողովը յարձակման ենթարկուած է Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ թրքական ծայրայեղ ազգայնական քաղաքական շրջանակներու կողմէ: Միջազգային ասպարէզի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան երկարատեւ ժխտողները յայտարարած են, որ համաժողովը «պիտի ծառայէ կայսերապաշտութեան եւ Քիւրտիստանի շահերուն», եւ քրտական խնդիրը ձեւակերպուած է որպէս «երկրորդ Իսրայէլ», որ ակնյայտօրէն հակասեմական է»:
WATS նաեւ յայտարարած է, որ` «Թուրքիա ներկայիս կը տառապի ահաբեկման եւ սպառնալիքներու մթնոլորտէն, եւ այդ մասին լաւագոյնս կը վկայէ իր ցուցաբերած վերաբերումը այն մտաւորականներուն հանդէպ, որոնք փափաքած են մասնակցիլ Պերլինի WATS-ի համաժողովին… Մենք… կոչ կ՛ընենք թրքական կառավարութեան` վերականգնել ակադեմական ազատութիւնները, որոնք խախտուած են եւ կը խախտուին Թուրքիոյ մէջ… Նաեւ կը պահանջենք, որ թրքական պետութիւնը հրաժարի մտաւոր փոխանակութեան եւ արտայայտուելու ազատութեան միջամտելէ` Թուրքիայէն դուրս: Նման միջամտութիւն ժողովրդավարական կարգի խախտում է Թուրքիոյ եւ հիւրընկալող երկիրներու մէջ: Պերլինի WATS համաժողովի շուրջ իրադարձութիւնները եւս մէկ օրինակ են, որ թրքական պետութիւնը կը հրաժարի յարգելէ մարդկային հիմնական իրաւունքները` թէ՛ թրքական օրէնքի, թէ՛ Թուրքիոյ ստանձնած միջազգային յստակ պարտաւորութիւններու համաձայն»:
Վերջապէս, Միչիկընի համալսարանի փրոֆեսէօր եւ Պերլինի համաժողովի համակազմակերպիչ Ֆաթմա Մուկէ Քէօչեք (ծնունդով` Թուրքիայէն) 2017 նոյեմբեր 10-ին մեկնաբանութիւն մը գրեց Ուաշինկթընի Ahvalnews.com թրքական կայքէջի վրայ` «Պէտք է դադրեցուի թուրք գիտնականներու հետապնդումը Արեւմուտքի մէջ» վերնագրով:
Փրոֆ. Քէօչեք գրեց. «Ես միշտ հետապնդուած եմ թրքական պետութեան կողմէ` աշխատանքիս պատճառով: Այս հալածանքը իրականացուած է առցանց զրպարտութեան արշաւներու, անանուն սպառնալիքներու ձեւով, որոնց հետքերը կը տանին դէպի Թուրքիա, եւ` այն մարդոց կողմէ, որոնք նշանակուած են թրքական պետութեան կողմէ, եւ որոնք փորձած են մարտահրաւէր նետել ինծի եւ ստորնացնել զիս: Ես հետապնդումներու ենթարկուած եմ ե՛ւ Միացեալ Նահանգներու, ե՛ւ Եւրոպայի մէջ, հակառակ անոր որ միայն դասախօսութիւններ ներկայացուցած եմ համալսարաններու մէջ: Անգամ մը ստիպուած եղած եմ դիմել Հետաքննութեան դաշնակցային պիւրօ (FBI)` իմ ստացած անձնական սպառնալիքի քննութեան համար: Այս իրավիճակը, որ արդէն իսկ վատ է եւ ամբողջութեամբ կը հակասէ խօսքի եւ կարծիքի արտայայտման ազատութեան, այս տարի աւելի վատացած է»:
Այնուհետեւ փրոֆ. Քէօչեք յայտարարած է, որ թուրք ցուցարարները, որոնք եկած էին Պերլինի համաժողովին, «ոչ միայն ընդհատած եւ տեսանկարահանած են մասնակիցները, այլեւ փորձած են ներխուժել դահլիճ: Ի վերջոյ, թրքական թերթերը մեր գործունէութիւնը համարեցին տարօրինակ դաւադրութիւն, որ պիտի փորձէ վերահսկել Թուրքիան եւ հոն ստեղծել երկրորդ Իսրայէլ»:
Փրոֆեսէօր Քէօչեք իր քննադատական մեկնաբանութիւնը եզրափակած է` կոչ ուղղելով Արեւմուտքի երկիրներուն` միջոցներու ձեռնարկել Թուրքիոյ դէմ. «Ինծի համար առաւել անհանգստացնող է ոչ միայն թրքական պետական բռնութեան հաստատակամութիւնը Թուրքիոյ մէջ, այլեւ անոր տարածումը երկրի սահմաններէն դուրս, ինչպէս որ ես զգացած եմ մորթիս վրայ` Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ժամանակն է, որ Արեւմուտքը արդիւնաւէտ կերպով հանդէս գայ այս աճող ոտնձգութեան դէմ, իր սեփական հողին վրայ: Կը կարծեմ, որ այս հետապնդումը ահաբեկչական բռնութենէն կը տարբերի միայն աստիճանով, քանի որ երկուքին նպատակն ալ նոյնն է` մարտահրաւէր կարդալ արեւմտեան չափանիշներուն ու արժէքներուն եւ վնասել ու ապակայունացնել զանոնք: Արեւմուտքը օտարերկրեայ պետական հետապնդումներու դէմ արդիւնաւէտ դիրքորոշում որդեգրելով միայն կը կարողանայ առաջքը առնել պատասխանատուութեան բացակայութեան` բռնութեան համար, որ գոյութիւն ունի այնպիսի բռնատիրական երկիրներու մէջ, ինչպիսին է Թուրքիան»:
Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ