Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գարեգին Նժդեհի Կերպարը Աղաւաղելու Ձախող Փորձեր

Դեկտեմբեր 4, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՐԺ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

Օրեր առաջ ռուսական «Զվեզտա» պատկերասփիւռի պետական կայանը, որ պաշտպանութեան նախարարութեան հովանաւորութիւնը կը վայելէ, արծարծեց նիւթ մը, որ ուղղուած է մեր ազգային հերոսին` Գարեգին Նժդեհի անունը եւ վաստակը վարկաբեկելու եւ իմաստազրկելու: rusarminfo.ru կայքին համաձայն,  Ռուսիոյ հասարակական գործիչ եւ քաղաքագէտ Սերկէյ Մարկով յայտարարեց, որ վերջերս քննարկուեցաւ ստեղծումը աշխատանքային խումբի մը  որուն նպատակն է պատրաստել եւ ՄԱԿ-ին ներկայացնել հայց մը` Հայաստանի եւ միւս երկիրներուն դէմ, որոնք կը խախտեն «Ազգայնամոլութեան հերոսացման պայքարի» մասին պայմանագիրը: Մարկով մասնաւորապէս ըսած է. «Մեր խումբը պիտի համագործակցի գործադիր իշխանութեան մարմիններուն հետ. մենք կը ծրագրենք համաձայնութիւն մը ստորագրել համագործակցութեան մասին: Ասիկա անհրաժեշտութիւն է, որովհետեւ լրատուամիջոցներու կողմէ փորձեր կան ֆաշականութեան աջակիցներուն գործերը լռեցնելու»:

Թէեւ Մոսկուայի պաշտօնական յայտարարութիւնը չէ ասիկա, բայց եւ այնպէս իր բովանդակութեամբ մտահոգիչ կը թուի ըլլալ: Առաջին անգամ չէ, որ Նժդեհի «հարցը» լուսարձակները կը հրաւիրէ իր վրայ: Օրին, 2016-ին, երբ մեծ հայորդիին նուիրուած արձանը տեղադրուեցաւ Երեւանի մէջ, մեկնաբանութիւններու եւ վերլուծումներու մեծ ալիք բարձրացաւ Ռուսիոյ մէջ եւ, անշուշտ, անոր արձագանգները հասան Հայաստան: Ռուսիոյ կեցուածքը միշտ նոյնը կը մնայ. Գարեգին Նժդեհ հայ  ազգայնամոլը, որ Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին հայկական ջոկատներ կազմակերպեց եւ Գերմանիոյ կողքին կռուեցաւ Խորհրդային Միութեան դէմ, հետեւաբար ազգայնամոլ Գերմանիոյ աջակիցն էր եւ յանցագործ կը նկատուէր: Այսպիսով,  միշտ քննադատութիւններու եւ նախատինքներու տարափ կը տեղացնէ Նժդեհը յարգողներու եւ փառաբանողներու վրայ` ըսելով, որ Հիթլերին աջակիցը քաջալերելը ազգայնամոլութեան քարոզչութիւն է:

Սակայն իրականութիւնը շատ տարբեր է: Գարեգին Նժդեհ մեր ազգի գաղափարական եւ մարտական եզակի համադրումներէն մէկը ըլլալով` անթիւ ծառայութիւններ մատուցած է հայ ազգին, ֆետայական կռիւներէն սկսելով մինչեւ անկախութեան համար մղուած մայիսեան հերոսամարտերը: Ան մնայուն ներկայութիւն էր ամէն տեղ, հերոս, որու ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղաւ պաշտպանել Սիւնիքն ու Զանգեզուրը: Հայկական ջոկատներու կազմակերպումը եւ գերմանական բանակներուն կողքին Բ. Աշխարհամարտին մասնակցիլը անձնական շահերէն բխած որոշում մը չէր, ոչ ալ` ինքնանպատակ քայլ մը: Գարեգին Նժդեհ  նպատակ ունէր Խորհրդային Հայաստանը ազատագրել համայնավար բռնագրաւողներուն լուծէն, որոնք 1921-ին հսկայական ճիգերով եւ ծով արեամբ կերտուած մեր անկախ հանրապետութիւնը գրաւեցին եւ խլեցին մեզմէ:

Աշխարհամարտի ընթացքին Մ. Թորլաքեանի եւ Դրոյի հետ ճիգ թափեց պալքանեան հայութիւնը պաշտպանելու եւ հայ ռազմագերիները ազատագրելու: Այս է ճշմարտութիւնը, որ Ռուսիան երբեք չ՛ուզեր ընդունիլ: Գարեգին Նժդեհ ամբողջական նուիրումով ծառայեց իր հայրենիքի ազատագրութեան սուրբ գործին, երբեք աշխարհը համայնավարացնելու (ի տարբերութիւն Լենինի) հիւանդագին գաղափարներէն չտառապեցաւ, եւ անոր ձեռքերը չեն թաթախուած կիներու եւ մանուկներու արիւնով, հետեւաբար երբեք չի կրնար ոճրագործ կամ Հիթլերի նման ազգայնամոլ յանցագործ նկատուիլ: Նժդեհի կենսագրութիւնը պեղելու փոխարէն` «յարգարժան» պարոն Մարկովը եւ անոր նմանները թող ակնարկ նետեն Լենին ու Ստալին երեւոյթներուն վրայ եւ ճշմարտութեան աչքերուն նային: Այս զոյգ «յեղափոխականները», որոնք անձի պաշտամունքի «զոհ գացին» իսկական հրէշներ են, որոնց պատճառով միլիոնաւոր մարդիկ մեկնեցան այս աշխարհէն: Յայտնի փաստ մըն է, որ Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան եւ անոր յաջորդած քաղաքացիական պատերազմին, ինչպէս նաեւ 20-ական եւ 30-ական տարիներուն ծաւալած կալանաւորումներուն, աքսորներուն եւ այլ տեսակի բռնութիւններուն պատճառով միլիոնաւոր անձեր զոհ գացած են:

Եւ ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել հայ եւ միւս համայնքներուն պատկանած հոգեւոր եւ կրթական կեդրոնները քանդելուն կամ փակելուն ուղղուած քայլերը: Իր իսկ ժողովուրդի գլխուն այսքան չարիք բերած զոյգ առաջնորդները,  հակառակ առողջ դատողութեան ու տրամաբանութեան, մեծ յարգանք կը վայելեն: Ի պատիւ անոնց` արձաններ տեղադրուեցան, փողոցներ անուանուեցան, թանգարաններ բացուեցան, եւ շարքը կարելի է շարունակել: Իսկ Լենինի խամաճիկի վերածուած մարմինը տեսնելու նպատակով գացող մարդոց բազմութիւնը Երուսաղէմ ուղղուող ուխտաւորներուն բազմութեանց կը նմանէր:

Հայ գործիչները սակայն կոչ չեն ըներ Ռուսիոյ քաղաքական ներկայացուցիչներուն, որ Լենինի, Ստալինի եւ միւս «հերոսներուն» արձանները վերցուին, եւ անոնց հետքերը ջնջուին, ՄԱԿ-ի կամ ուրիշ կազմակերպութեան դիմելու սպառնալիքներ չեն թափեր: Հայաստանը ազատ ու անկախ է այսօր եւ իր կերտման ու զարգացման համար արիւն եւ քրտինք թափած հերոսներուն յիշատակը յաւերժացնելն ու փառաբանելը իր արդար իրաւունքն է. երեւոյթ մը, որ բոլոր ազգերուն մէջ տարածուած է:

Ազգային արժանապատուութեան հարց է ասիկա. երբեք պէտք չէ տեղի տալ եւ պէտք է տէր կանգնիլ մեր հերոսներուն անմար յիշատակին, ինչպէս նաեւ` լուռ չմնալ անոնց անունն ու համբաւը հարուածել փորձող կասկածելի եւ մութ յայտարարութիւններուն դիմաց: Գարեգին Նժդեհ եղաւ ու պիտի մնայ հայ ազգի համար ազգային հերոս եւ մեծ հայորդի: Ի վերջոյ, ի՞նչ իրաւունքով մեր սուրբ Արարատը ծախած Լենինի երկրպագուները եւ Ստալինի բռնակալութիւնը հանդուրժողները այսօր հայութեան հերոսութեան ու ոճրագործութեան երեւոյթներուն մասին դաս կը կարդան:

 

 

 

Նախորդը

Էրտողան Կը Շարունակէ Թշնամացնել Բոլորը, Որոնց Շարքին` Օտար Ականաւոր Մտաւորականներ

Յաջորդը

Քաղաքական Անդրադարձ. Թուրքիան Եւ Սուրիական Ճատրակը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?