Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
10 Տարեկան Չարլի Կը Սրբագրէ Թանգարանին Սխալը
Իր ծնողքին հետ Լոնտոնի «Նաչըրըլ հիսթըրի միւզիում» թանգարան այցելութեան մը ընթացքին 10 տարեկան Չարլի Էտուարծ նշմարած է սխալ մը` հոյամողէսի մը անուան վերաբերեալ: Չարլի նախապատմութեան եւ յատկապէս հոյամողէսներու մեծ սիրահար մըն է: Հետեւաբար ան անմիջապէս կը նկատէ, որ հոյամողէսի մը պատկերին տակ արձանագրուած անունը սխալ է: Չարլի կը հաստատէ, որ ներկայացուած հոյամողէսի դիմաստուերը փրօթօսերաթոփսի դիմագիծն էր, եւ ոչ` օվիրափթորի մը, ինչպէս գրուած էր բացատրականին մէջ:
Սորվելու բուռն պահանջը շատ փոքր տարիքին արտայայտուած է Չարլիի մէջ: Ասպըրկըրի սինտրոմէ տառապող այս մանչուկը սկսած է համայնագիտարաններ կարդալ 3 տարեկանին: Այս պատճառով է, որ անոր ծնողները շուարած են, երբ ան նման հաստատում մը կատարած է: Ճիշդ է, որ Չարլի ունի անսահման տեղեկութիւններ այդ նիւթին մասին, սակայն բնագիտական նման մեծ թանգարան մը կրնա՞յ սխալական ըլլալ…
Երբ լուրը կը հասնի թանգարանի պատասխանատուին, ան կ՛անդրադառնայ կատարուած սխալին եւ կը գնահատէ Չարլին: Ան կը խոստանայ անմիջապէս խօսիլ պատասխանատու խմբակին հետ` սխալը սրբագրելու համար եւ կը խրատէ Չարլին` շարունակել այս նիւթին հանդէպ պահել իր հետաքրքրութիւնն ու խանդավառութիւնը:
Էքլիփս Շունը Ամէն Օր Փոխադրակառքը Կ՛առնէ…
Սիաթըլի մէջ, Միացեալ Նահանգներ ամէն մարդ կը ճանչնայ Էքլիփսը:
Այս տարօրինակ էգ շունը իսկական տեղական հանրածանօթ դէմք մըն է: Անոր իւրայատկութի՞ւնը. ամէն օր ան մինակը հանրային փոխադրակառք կ՛ելլէ եւ կ՛իջնէ չորս կայարան հեռու: Անոր միակ նպատակն է իր նախասիրած հանրային պարտէզը երթալ, ուր ետքը իրեն պիտի միանայ իր տէրը:
Մինչ այդ ան մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ փոխադրակառքի տարբեր վարիչներուն եւ ճամբորդներուն:
Մերի Փոփփինզի Կարմիր Լոյսը
Աւստրալիոյ մէջ Մերիպորու քաղաքին բնակիչները պիտի սկսին Մերի Փոփփինզի երգը երգելու ամէն անգամ, որ անոնք ճամբան պիտի անցնին, շնորհիւ յատուկ Մերի Փոփփինզ լոյսի մը:
Այս յատուկ կարմիր լոյսը դրուած է ի պատիւ աւստրալիացի վիպագիր Փամելա Լինտըն Թրաւըրսի, որուն իսկական անունը Հելեն Լինտըն Կոֆֆ է, եւ որ ծնած է Մերիպորուի մէջ: Ան հեղինակն է փոքրիկներու նշանաւոր խնամակալ` Մերի Փոփփինզի արկածախնդրութիւններուն:
Երթեւեկութեան այս լոյսը հետիոտներու համար է: Կարմիր լոյսը կը ներկայացնէ Մերի Փոփփինզի դիմագիծը, որ կը սպասէ իր հովանոցին ծայրը ձեռնափայտի մը նման գետին յենած: Երբ կանաչ լոյսը կը վառի, մենք կը տեսնենք անոր դիմագիծը, որ կը քալէ հովանոցը բաց, թռչելու պատրաստ:
Ասիկա փոքրիկ յիշեցում մըն է նաեւ Մերի Փոփփինզի 2018 թուականին վերադարձին` շարժապատկերի պաստառներ: Մինչ այդ մենք կրնանք ծանօթանալ, կամ դարձեալ դիտել անոր պատմութեան հիման վրայ 1964-ին նկարահանուած նշանաւոր շարժապատկերը:
Կաղանդը Կը Մօտենայ
Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ
– Մարդ մը կատարած է հետաքրքրական փորձ մը: Ան Կաղանդի բացիկներ ղրկած է 578 ամբողջովին անծանօթ անձերու: Անոնցմէ 117-ն ալ անոր պատասխանած են:
– Ամէն դեկտեմբեր ամսուն Նորվեկիոյ Օսլօ քաղաքը Կաղանդի ծառ մը կը նուիրէ Անգլիոյ Լոնտոն քաղաքին:
– Պելճիքայի կարգ մը շրջաններու մէջ Կաղանդ պապան նուէրներ կը բերէ դեկտեմբեր 5-ին:
– Գիտէի՞ր, որ աշխարհին շուրջ գոյութիւն ունի աւելի քան 600 Կաղանդի ծառի տեսակներ:
– Ֆինլանտայի մէջ կրնաս դասեր առնել Կաղանդ պապայի թզուկներու յատուկ ակադեմիային մէջ` դառնալու համար Կաղանդ պապայի օգնական:
– Կաղանդի ծառի մը աճման համար անհրաժեշտ է 10 տարի:
– Ուքրանիոյ մէջ մարդիկ իրենց Կաղանդի ծառերը կը զարդարեն կեղծ սարդերով եւ սարդոստայններով:
– 1510 թուականներուն Կաղանդի առաջին ծառերը կը զարդարուէին խնձորներով եւ թուղթի վարդերով:
– Տուպայի մէջ պանդոկ մը իր Կաղանդի ծառը զարդարած է 181 գոհարներով. անոր ընդհանուր արժէքը` 11 միլիոն տոլար:
– Քանատացի մը կրցած է կազմել Կաղանդ պապային վերաբերեալ առարկաներու աւելի քան 25 հազար կտորներէ բաղկացած հաւաքածոյ մը:
– Ձեռքով ներկուած եւ 170 տարուան Կաղանդի բացիկ մը աճուրդով ծախուեցաւ մօտաւորապէս 30 հազար տոլարի:
– Ամերիկացի կին մը կրցած է մրցանիշ մը արձանագրել` երկու վայրկեանի մէջ ամէնէն շատ Կաղանդի ծառեր կտրելով: Ան կրցած է կտրել 27 ծառ:
– Կաղանդի իսկական ծառերուն 98 առ հարիւրը կը բուսնի յատուկ ջերմոցներու մէջ:
– Կաղանդի նուէրներու ամէնէն երկար ցանկը 3979 մեթր երկարութիւն ունէր: Գլանաձեւ ոլորուած այս նամակը կարելի եղաւ ամբողջութեամբ բանալ 1 ժամ եւ 40 վայրկեանէն:
– Հնդկաստանի մէջ Կաղանդին առիթով մարդիկ պանանի ծառեր կը զարդարեն:
Ժամանց


