Հայաստանի մարզիկները Վրաստանի, Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Իրանի ներկայացուցիչներուն հետ մասնակցեցան Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցած քարաթէի միջազգային մրցաշարքին:
Մարտական քարաթէի ազգային ֆետերասիոնի հիմնադիր նախագահ եւ գլխաւոր մարզիչ Վլատիմիր Խաչատրեանի ղեկավարութեամբ, հայ մարզիկներէն Թիֆլիսի մէջ տիտղոսակիր դարձան Արմէն եւ Սամուէլ Օհանեանները, ինչպէս նաեւ Վալերի Աղայեան, Էդուարդ Սարգիսեան գրաւեց երկրորդ դիրքը:
Արմէն Օհանեան մրցաշարքին ընթացքին յաղթանակ մը արձանագրեց նաեւ ազրպէյճանցի իր մրցակիցին դէմ: