Հայաստանը ներկայացնող Մանուէլ Պետրոսեան Իտալիոյ Թարվիցիօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած աշխարհի ճատրակի 20 տարեկանէն վար ախոյեանութեան, արձանագրելով բացառիկ արդիւնքներ, հանդիսացաւ աշխարհի փոխախոյեան:
Վերջին հանգրուանին, ան սեւ քարերով յաղթելով (33-րդ շարժումին) ռուս կրանտմասթըր Քիրիլ Ալեքսեենքոյին, ախոյեանութիւնը աւարտեց 8,5 կէտով:
Ախոյեան հանդիսացաւ նորվեկիացի Արիան Թարի, իսկ պրոնզէ մետալակիր Չիթամփարամ Արավինտ (Հնդկաստան): Երկուքն ալ իրենց կարգին ապահովեցին 8,5-ական կէտ:
Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչը` Հայկ Մարտիրոսեան, 7,5 կէտով գրաւեց 16-րդ դիրքը, իսկ Տիգրան Յարութիւնեան 6,5 կէտով` 43-րդ դիրքը: