Երէկ Եւրոպայի 2021-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը, որ հիւրընկալեց Դանիան, կրեց իր առաջին պարտութիւնը երկարաձգումէն ետք` 78-71 արդիւնքով:
Մրցումին չորս քորթըրները աւարտեցան 69-69 հաւասարութեամբ:
Երկարաձգման հինգ վայրկեանին ընթացքին Հայաստան նշանակեց միայն 2 կէտ, մինչ մրցակիցը` 9:
Բ. խմբակին մաս կազմող Հայաստան իր կատարած առաջին մրցումին յաղթած էր Ալպանիոյ (80-63):
Հայրենի կազմը իր յաջորդ մրցումը կը կատարէ 25 փետրուար 2018-ին` Երեւանի մէջ հիւրընկալելով Ալպանիան: