Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հոգեհանգիստ Այնճարի Մէջ

Նոյեմբեր 20, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 12 նոյեմբեր 2017-ին, տարիներու աւանդութեան համաձայն, յաւարտ Ս. պատարագին, Գարակէօզեան ընտանիքի անդամներուն` Միհրանի, Զապէլի, Լէյլայի եւ Հաուըրտի, նախկին տնօրէններ` Նուպար եւ Անահիտ Դաւիթեաններու, վերապատուելի Ռոպէր Սարգիսեանի եւ տոքթ. Պարէտ Մինասեանի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի խորհրդատու մարմինի անդամ Ալիծ Պարսումեանի հոգիներու հանգստութեան համար եւ անոնց յիշատակին նուիրուած հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Այնճարի Հայ առաքելական Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, նաեւ յիշատակի պաշտամունք` Այնճարի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ:

Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ հաստատութեան անունով խօսք առաւ Ուսումնական յատուկ կարիքներ ունեցող աշակերտներու մանկավարժական կեդրոնի տնօրէնուհի Յասմիկ Տօնոյեան-Նալպանտեանը եւ ներկայացուց Գարակէօզեան ընտանիքի եւ հաստատութեան հակիրճ պատմականը` եւ իր խօսքին մէջ անդրադառնալով Այնճարի մէջ «Գարակէօզեան» հաստատութեան մատուցած ծառայութիւններուն մասին, ան ըսաւ. «Այս տարի եւս կը գործակցինք Այնճարի երեք հայկական դպրոցներուն հետ («Ազգային Գալուստ Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարան», «Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարան», «Անարատ յղութեան հայ վարժարան»), ուր ներկայ ենք (մէկ հոգեբան եւ մէկ ուղղավարժ մասնագէտներով) շաբաթական դրութեամբ, աջակցելու մասնաւոր դասարաններու ծրագրին` ապահովելով ուսուցիչներու մարզումներ եւ աշակերտներուն համապատասխան դարմանումներ:

Մեր նպատակն է` օգնել ուսումնական յատուկ կարիքներ ունեցող մանուկներուն, որպէսզի կարենան իրենց լաւագոյնը տալ կրթական համակարգէն ներս, եւ` լուծել հոգեբանական հարցեր, որոնք կրնան արգելք դառնալ մանուկին ուսումնական եւ ընկերային յառաջդիմութեան»:

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին զոյգ համայնքներու հոգեւոր պետերը` Արսէն քհնյ. Քէշիշեանը եւ պատուելի Յակոբ Աքպաշարեանը, հաւատացեալ ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի անդամները, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան, Այնճարի ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղի վարչութեան եւ Համազգայինի Այնճարի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան ներկայացուցիչները, Ազգային «Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեանը, ուսուցչական կազմն ու աշակերտութիւնը, Լիբանանի «Հ. Գարակէօզեան» հաստատութեան խորհրդատու մարմինի անդամները եւ Այնճարի «Գարակէօզեան» հաստատութեան պաշտօնէութիւնը համախմբուեցան Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ:

Հերթաբար խօսք առին` հոգեւոր պետերը, քաղաքապետ Վ. Խօշեան, մասնաճիւղերու վարչութեանց ներկայացուցիչները: Անոնք բարձր գնահատեցին «Գարակէօզեան» հաստատութեան կատարած մարդասիրական լայն օգնութիւնները եւ յատկապէս ուսումնական ծիրէն ներս անոր կողմէ տրամադրուած մասնագիտական ծառայութիւնները: Անոնք երախտագիտութեամբ շեշտեցին, որ «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը 1940 թուականէն` Այնճարի հիմնադրութեան իսկ օրէն, ներկայութիւն եղած է գիւղի հայ բնակչութեան կեանքին մէջ:

Փակման խօսքով հանդէս եկաւ հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանը, որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան եւ երախտագիտական այն զգացումներուն համար, որոնք դրսեւորուեցան հաստատութեան հանդէպ: Ան վստահեցուց, որ հաստատութիւնը պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը եւ աւելի նոր ուժերով պիտի գործէ հայահոծ այդ աւանին մէջ:

Ապա «Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերով Օհանեան, Լիբանանի խորհրդատու մարմինի անդամներն ու Լիբանանի «Գարակէօզեան» հաստատութեան պաշտօնեաները միասնաբար այցելեցին Այնճարի «Գարակէօզեան» դարմանատուն եւ այնտեղ հանդիպում ունեցան պաշտօնէութեան եւ բժշկական կազմին հետ:

Աւարտին, անոնք միասնաբար ճաշեցին Այնճարի Հայ աւետարանական գիշերօթիկի 75 աշակերտներուն հետ միասին: Բարի գալուստի խօսքով աշակերտները ողջունեցին «Գարակէօզեան» հաստատութեան ներկայացուցչական կազմը. խօսեցան գիշերօթիկի ընդհանուր դժուարութիւններուն եւ հարցերուն մասին, ինչպէս նաեւ հետաքրքրուեցան այն աշակերտներուն մասին, որոնք «Գարակէօզեան» հաստատութեան ճամբով ուղարկուած էին այնտեղ:

Այս հաւաքին ընդմէջէն «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը եկաւ անգամ մը եւս իր ամբողջական զօրակցութիւնն ու պատրաստակամութիւնը յայտնելու` ի նպաստ մեր մանուկներու փայլուն ապագայի կերտման:

Այստեղ յիշենք, որ «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը Այնճարի դարմանատան մէջ կը գործէ հետեւեալ բժշկական ծառայութիւններով` մանկաբուժարան, ատամնաբուժարան, ակնաբուժարան եւ մանուկներու պատուաստումներ, իսկ ուսումնական գետնի վրայ մէկ ուղղավարժի եւ մէկ հոգեբանի ճամբով (շաբաթը երեք օր) կը հետեւի աշակերտներուն ուսումնական կեանքի դժուարութիւններուն` անոնց մատուցելով հարկ եղած մասնագիտական ծառայութիւնները, որպէսզի անոնց ուսումնական կեանքը աւելի հեշտ եւ փայլուն ընթանայ:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ղազախստանի Մէջ Լիբանանի Դեսպան Վազգէն Գավլագեան Կը Պարգեւատրուի Պատուոյ Դոկտորականի Վկայականով

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?