Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սպասենք Ու Պիտի Տեսնենք». Նալբանդեան` Արեւելեան Գործընկերութեան Վեհաժողովի Յայտարարութեան Հռչակագիրին Մասին

Նոյեմբեր 18, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 18 նոյեմբերին Պրազիլի արտաքին գործոց նախարարին հետ տուած մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին անդրադարձած է Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովի յայտարարութեան վերաբերեալ հարցին: Նշենք, որ, ըստ տեղեկութիւններու, Պրիւքսելի մէջ տեղի ունենալիք Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովին ընդառաջ, յայտարարութեան մէջ կարծէք թէ միակ կէտը, որ ցայսօր կարգաւորուած չէ, տագնապներուն վերաբերող կէտն է, որ այդ առումով, թերեւս նաեւ հասկնալի պատճառներով, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տարակարծութիւններ կան, եւ ըստ երեւոյթին, կարելի չէ համաձայնութիւն գոյացնել:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ է այս հարցին առնչուող կացութիւնը, ի՞նչ է  Հայաստանի դիրքորոշումը, Ազրպէյճան ի՞նչ կ՛ուզէ` Նալբանդեան ըսած է. «Հոս առաւելաբար պէտք է խօսիլ ոչ թէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ Արցախի հարցի լուծման վերաբերեալ տարբեր մօտեցումներուն մասին, որոնք յայտնի են, այլ կարելի է խօսիլ Ազրպէյճանի եւ Եւրոպական Միութեան, Ազրպէյճանի եւ միջազգային հանրութեան միջեւ մօտեցումներու տարբերութեան մասին:

«Գիտէք, այդ տարբերութիւնը բազմիցս ակնյայտ դարձած է, նաեւ` նախորդ վեհաժողովներուն ընթացքին, որոնց կարգին` Արեւելեան գործընկերութեան: Եւրոպական Միութեան դիրքորոշումը միշտ ալ նոյնը եղած է ղարաբաղեան տագնապին գծով` ի աջակցութիւն եռանախագահող երկիրներու ջանքերուն եւ մօտեցումներուն:

«Ասիկա պատահական դիրքորոշում չէ, այլ բաւական մտածուած, գիտակցուած եւ այնպիսի մօտեցում է, որ վնաս չհասցուի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման, այլ` նպաստելով եռանախագահող երկիրներուն ջանքերուն եւ մօտեցումներուն` նպաստած կ՛ըլլայ տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման: Եւրոպական Միութեան այս դիրքորոշումը երբեք չէ փոխուած: Ինչ կը վերաբերի այդ հռչակագիրին, ապա բանակցութիւնները կը շարունակուին, իսկ մինչեւ անոնց աւարտը տակաւին կանուխ է այդ մասին յայտարարութիւն կատարել: Սպասենք ու պիտի տեսնենք», հաստատած է Նալբանդեան:

 

 

Նախորդը

Մաքրոն. «Այսօր Կէսօրին Էլիզէի Մէջ Սաատ Հարիրին Պիտի Ընդունիմ Իբրեւ Վարչապետ»

Յաջորդը

Եւրոպական Խորհրդարանը Կոչ Կ՛ուղղէ Մուտքի Արտօնագիրներու Ազատականացման Շուրջ Երկխօսութեան Սկսելու Հայաստանի Հետ

RelatedPosts

Քոնկրեսին Մէջ Արցախի  Եւ Հայ Գերիներու Տագնապի Քննարկում
Հայկական

Քոնկրեսին Մէջ Արցախի Եւ Հայ Գերիներու Տագնապի Քննարկում

Մայիս 3, 2025
Ռուբէն Վարդանեանի Որդին Դիմած Է Թրամփին`  Գերիները Ազատ Արձակելու Խնդրանքով
Հայկական

Ռուբէն Վարդանեանի Որդին Դիմած Է Թրամփին` Գերիները Ազատ Արձակելու Խնդրանքով

Մայիս 3, 2025
Կիպրոսի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը  Իր Հաւատարմագիրները Յանձնած Է  Երկրի Նախագահին
Հայկական

Կիպրոսի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնած Է Երկրի Նախագահին

Մայիս 3, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?