Լիբանանի Ռակպիի ազգային խումբը յաջողեցաւ կարեւոր իրագործում մը կատարել, երբ ռակպիի մոնտիալի մրցումներուն ծիրին մէջ, գրաւելով Ա. խմբակին երրորդ դիրքը, ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը: Յաջորդ հանգրուանին անիկա պիտի մրցի Բ. խմբակին առաջին դիրքը գրաւած Թոնկայի դէմ:
Այս մոնտիալի բաժակի մրցումները տեղի կ՛ունենան Աւստրալիոյ, Նոր Զելանտայի եւ Փափուա Կինէայի մէջ:
Լիբանան, որ ցարդ արձանագրած է յաղթանակ մը միայն եւ կրած երկու պարտութիւն, նախորդ շաբաթավերջին 34-0 արդիւնքով իր պարտութիւնը կրեց Աւստրալիայէն, որ կը նկատուի տիտղոսին գլխաւոր թեկնածուն:
Յայտնենք, որ մրցումները կը պատկերասփռուին «Օ. Էս. Էն.» պատկերասփիւռի կայանէն: