Լիւքսամպուրկի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 14 նոյեմբերին Հայաստանի հաւաքականը կը կատարէ իր վերջին մրցումը, երբ դէմ յանդիման կու գայ Գ. խմբակին մրցումները հիւրընկալող Լիւքսամպուրկի դէմ:
Հայաստան, որ իր կատարած առաջին մրցումին 5-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Չեխիայէն, իր կատարած երկրորդ մրցումին 3-3 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Սկովտիոյ հետ:
Վահան Բիչախչեան տուպլէ մը իրագործեց (11-րդ եւ 55-րդ), մինչ երրորդ կոլը նշանակեց Կարէն Մելքոնեան (78-րդ):
Հայրենի կազմին գլխաւոր մարզիչն է Արտակ Օսէեան: