
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Օքլահոմա Սիթի, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Տալաս Մավըրիքսը, 112-99 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Փոլ Ճորճ նշանակեց 37 կէտ:
Պոսթըն Սելթիքս կէտի մը տարբերութեամբ միայն` 95-94 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Թորոնթօ Ռեփթըրզին: Տիթրոյիթ Փիսթընզ յաղթեց իր հիւրին` Մայեմի Հիթին (112-103), մինչ երէկուան վերջին մրցումին, Հիուսթըն Ռոքեթց 118-95 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Ինտիանա Փէյսըրզի դաշտէն:
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Սաքրամենթօ Քինկզ
Նիւ Եորք Նիքս – Քլիվլենտ Քաւալիրզ
Միլուոքի Պաքս – Մեմֆիս Կրիզլիզ
Նիւ Օրլինզ – Աթլանթա Հոքս
Ֆէոնիքս Սանզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ
Եութա Ճեզ – Մինեսոթա Վուլվզ
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Տենվըր Նակեթց
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Օրլանտօ Մեճիք
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ