Երէկ` երկուշաբթի, 13 նոյեմբերին, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ հիւրընկալեց Կիպրոսը, յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը:
Հայրենի կազմին կոլերը նշանակեցին Հայկ Իշխանեան (14-րդ), Վարազդատ Հարոյեան (38-րդ) եւ Հենրիխ Մխիթարեան (63-րդ` փենալթիով):
Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արթուր Պետրոսեան, այս մրցումին կիրարկեց 4-4 – 1-1 խաղաոճ մը` նախորդ մրցումին (Պիելոռուսիոյ դէմ) բաղդատած իր կազմին մէջ կատարելով հինգ փոփոխութիւն: