Պուլկարիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը տեղեկացուց, որ ազգային խումբի մարզիչ Փեթար Հուպչեվի պայմանագրութիւնը երկարաձգուեցաւ երկու տարիով, այսպիսով ան իր պաշտօնին վրայ պիտի մնայ մինչեւ 2020-ի Եւրոպայի ախոյեանութեան աւարտը:
Ան սեպտեմբեր 2016-ին նշանակուեցաւ Պուլկարիոյ մարզիչ` փոխարինելով Իվայլօ Փեթեւը:
53 տարեկան Հուպչեւ, որ անցեալին մաս կազմած է Համպուրկի եւ Այնթրախթ Ֆրանքֆորթի (իբրեւ ֆութպոլիստ), 1994-ի մոնտալին իր խմբակիցներուն հետ հասաւ աշխարհի ախոյեանութեան կիսաւարտականին: