Նախորդ շաբաթավերջին, Մարոք 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Փղոսկրեայ Ափունքին, ապահովեց Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք 2018-ի մոնտիալի աւարտականի իր տոմսը:
Ի տես իրենց կազմին այս իրագործումին, շուրջ 300 մարոքցի համակիրներ փողոց իջնելով կատարեցին անկարգութիւններ, նոյնիսկ այրեցին ինքնաշարժ մը:
Պրիւքսելի ոստիկանութիւնը այդ կատաղի ամբոխը ցրուելու համար ստիպուած եղաւ օգտագործել ջրաշիթ մեքենաներ: Կը նշուի, որ շուրջ 22 ոստիկաններ ստացան թեթեւ վնասուածքներ:
Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ անկարգութիւնները համեմատաբար աւելի մեղմ եղած են, որովհետեւ մարոքցիները, իրենց երկրին դրօշակներով եւ ինքնաշարժներու շարքեր կազմած, շրջած են քաղաքին փողոցներուն մէջ:
Մարոք վերջին անգամ աշխարհի ախոյեանութեան մասնակցած էր 1998-ի մոնտիալին:
Մարոքի հետ միասին 2018-ի մոնտիալի աւարտականի իր տոմսը ապահովեց նաեւ Թունուզ` շրջանցելէ ետք Լիպիոյ արգելքը:


