ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Գործունէութիւն մը իր աւարտին պիտի հասնի: Ժամանակն է, որ ոչինչ անտեսէք, որպէսզի գործերը կատարեալ ըլլան:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Պիտի գտնէք խաղաղ անկիւն մը: Հանգստացէք եւ հեռու մնացէք աղմկալից վայրերէ` ձեր ջիղերը հանդարտեցնելու համար:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր գործունէութեան հաշիւները կատարեցէք եւ ճշգրիտ կերպով բաժնեցէք ձեր ունեցած աւելորդ կարգ մը գոյքերը:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Պիտի ունենաք նորութիւններ, որոնք շատ չեն պատահիր: Օգտուեցէք եւ շահագործեցէք առիթը: Մնացէք խաղաղ եւ ուրախ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Սքանչելի կերպով դրական պիտի ըլլաք եւ պիտի փորձէք փոխանցել ձեր այս ուժը ձեր շուրջիններուն:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ցոյց տուէք ձեր ծրագիրները` ձեր բարեկամներուն: Այսպիսով, դրական աշխատանք պիտի տանիք, որ պիտի օգնէ ձեր ապագային:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Հակառակ ստեղծուած փոթորիկին`պահեցէք ձեր տրամադրութիւնը: Ձեր շուրջինները լաւ կը ճանչնան ձեզ եւ ձեր աշխատանքները:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Պիտի կարենաք ձեր ճամբորդութեան համար ընկերակից մը գտնել: Գոհ պիտի մնաք այս ընկերակցութենէն: Բարի՛ վայելում:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Լաւատեսութիւնը ձեզի համար շատ օգտակար է: Շարունակեցէք մնալ միշտ դրական տրամադրութեան մէջ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Խումբով աշխատանքը օգտակար պիտի ըլլայ ձեզի: Ջանացէք սիրալիր ըլլալ ձեր աշխատակիցներուն հետ: Դուք կը շահիք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր կարծիքը կարեւոր պիտի ըլլայ, եւ ոչ ոք որոշում պիտի տայ առանց ձեր հրամանին:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Շատ մեծ տրամադրութիւն ունիք աշխատելու, որ բացարձակապէս նոր ուժ պիտի ներշնչէ ձեզի` նախքան քնանալը: Կրնաք նաեւ մտածել մարզանքի մասին:
