Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Արցախի հիմնախնդիրը Թուրքիոյ համար նոյնքան կարեւոր է, որքան Ազրպէյճանի համար: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը:
Էրտողան Արցախի հիմնախնդիրը կոչած է «արիւնահոսող վէրք» թէ՛ Ազրպէյճանի, թէ՛ ալ Թուրքիոյ համար եւ շեշտած. «Այս եւ բոլոր մնացեալ հարցերուն մէջ Թուրքիան պիտի շարունակէ գտնուիլ Ազրպէյճանի կողքին»:
Թուրքիոյ նախագահը նաեւ Արցախի հիմնախնդիրին լուծումով զբաղող ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի անդամներուն կոչ ուղղած է` հիմնախնդիրի լուծման ուղղութեամբ աշխուժ քայլերու ձեռնարկելու:
«Մենք կ՛անիծենք Հայաստանի բռնագրաւումի քաղաքականութիւնը», ըսած է Էրտողան:


