ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ապագայի համար կարեւոր ծրագիր մը ունիք մշակելիք, որ շատ ալ դիւրին պիտի չըլլայ: Ժամանակ պէտք է տրամադրէք եւ խաղաղութեամբ պէտք է աշխատիք, որպէսզի կարենաք ուղիղ ճամբան գտնել:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Շատ հաճելի օր մը պիտի բոլորէք, կարգ մը հրաւիրեալներ պիտի ընդունիք եւ ձեր կարգին պիտի հրաւիրուիք ձեզի սիրելի անձի մը կողմէ: Օրը լաւագոյն ձեւով ըմբոշխնեցէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ նոր գործի մը պիտի սկսիք, փորձառու անձի մը օգնութեան դիմեցէք: Այդ անձը կրնայ մեծ օգտակարութիւն ունենալ ձեզի: Այս ասպարէզին մէջ դուք աւելի յաջողութիւն պիտի գտնէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր աշխատավայրին մէջ հաճելի անակնկալներ պիտի ըլլան, որոնք ձեր առօրեան պիտի դիւրացնեն: Արդեօք նիւթական յաւելո՞ւմ մը պիտի ունենաք: Ամէն պարագայի, ընդհանուր համերաշխութիւն կը տիրէ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Այսօր հաւանաբար հաճելի փոփոխութիւններ ունենաք, զորս հաճոյքով պիտի ընդունիք: Այս փոփոխութիւնները նպաստաւոր պիտի ըլլան, դուք ձեր աշխատանքին մէջ յաջողութիւն պիտի արձանագրէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր գործերը դասաւորելու մեծ հմտութիւն ունիք, կրնաք ոչինչէն յաջող գործ մը ստեղծել: Ձեր ընտանիքը, ինչպէս նաեւ ընկերութիւնը շատ կը գնահատեն ձեզ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Դուք կը կարծէք, որ բոլոր գործերը կատարելու ուժ ունիք եւ պատրաստ էք զանոնք կատարելու: Ուշադրութիւն ըրէք, այս ընթացքով կրնաք վնասել եւ յոգնիլ: Լաւ սերտելէ ետք գործի անցէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եթէ պաշտօնեայ էք, ձեր տնօրէնը ձեզ պիտի քաջալերէ եւ նիւթական կարեւոր նուէր մը պիտի ընէ ձեզի: Խոհեմ գտնուեցէք եւ այս գումարը անիմաստ բաներու մի՛ տրամադրէք, որպէսզի չզղջաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Այսօր ընտանեկան հանդիպումներ պիտի ունենաք. կարծէք` տօնական օր մըն է ձեզի համար: Ընտանիքին անդամներէն մէկը ձեզի ճամբորդութիւն մը պիտի առաջարկէ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Շատ հաճելի օր մը պիտի ունենաք, ձեր աշխատավայրին մէջ ալ ընդհանուր համերաշխութիւն պիտի տիրէ, իսկ ամէնէն հաճելին… նուէր մը պիտի ստանաք, որ մեծ անակնկալ մը պիտի ըլլայ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ծովային շրջապտոյտ մը կը նախատեսուի ձեզի համար: Ինչո՞ւ չկատարել: Ժամանակը շատ յարմար է, ձեր տրամադրութիւնը կը բարձրանայ եւ նոր աշխարհներ կը տեսնէք: Այս առիթը միշտ չէք կրնար ունենալ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Այս երեկոյ բարեկամներու կողմէ խրախճանքի մը պիտի հրաւիրուիք: Շատ տրամադիր չէք երթալու, սակայն պիտի երթաք եւ շատ գոհ պիտի մնաք: Նոր անձեր ձեր ուշադրութիւնը պիտի գրաւեն եւ բարեկամութիւններ պիտի հաստատէք:
